«Այսօրուան Մեր Գերխնդիրը Սուրիահայութեան Օգնութեան Փութալն Է»

«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ի՞նչպէս սկիզբ առաւ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմինի գործունէութիւնը:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Ի գործ դրուած համազգային բոլոր ճիգերը ուղորդուած են թեթեւցնելու սուրիահայութեան ծանրաբեռնուած կենցաղային առօրեան: Միեւնոյն ատեն պատրանքը չունինք, որ այդ բոլոր ազնիւ ճիգերը կը բաւարարեն ճգնաժամի բոլոր կարիքները: Այդ բոլորանուէր համազգային մասնակցութիւնը կը նմանցնեմ այն խճաքարի դերին, որ փոքրաչափ ըլլալով հանդերձ, կրնայ ծառայել որպէս հաւասարակշռող յենարան մեծածաւալ կուժի կամ կաթսայի կայունութեան:
Ակնյայտ է, որ այս աղէտի առթած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները սուրիահայութիւնը առանձին չի կրնար դիմակալել:
Արդարեւ, տարօրինակ չէր, որ սուրիահայութեան իրավիճակը դառնար կիզակէտը ողջ հայութեան ու առօրեայ հետաքրքրութեան առարկան բոլոր գաղութներու պատասխանատու մարմիններուն, հայ կրօնական անձնաւորութեանց, հասարակական գործիչներու ու մասնագէտներու:
Իր կարգին՝ գանատահայութիւնը, ինչպէս վարժ էր միշտ, նմանօրինակ ազգային աղէտներու օրերուն, այս անգամ ե՛ւս բոլորանուէր մասնակցութիւն բերելու դիտաւորութեամբ, սուրիահայութեան տագնապի դժուարութիւնները թեթեւցնելու առաջադրանքով, համախմբուածութեամբ, միահամուռ ճիգերով, կազմեց մարմին մը Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմին անունին տակ, բաղկացած երեք հայ յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներէն, ազգային երեք կուսակցութիւններէն (ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ), առաւել ՀՕՄի եւ ՀԲԸՄի նրկայացուցիչներէն: Հիմնական նպատակը այս համախմբումին շուտաթափոյթ ձեւով մարդասիրական եւ նիւթական նպաստներ առաքելն է, Սուրիոյ տարածքին պատերազմական իրավիճակէն ազդուած ու տուժած հայ զանգուածներուն անխտիր:
Այս մարմնի աշխատանքները կեդրոնացան Գանատայի տարբեր գաղութներու մէջ հանգանակային գործը կարգաւորելու եւ համադրելու նպատակին: Իւրաքանչիւր գանատական գաղութ, մեկնելով իր տեղական հայկական իւրայատկութիւններէն, կազմեց հանգանակիչ յանձնախումբեր, որոնց մէջ ե՛ւս համախմբուեցան գաղութին մէջ գործող եկեղեցիները, կազմակերպութիւնները, հայրենակցական միութիւնները եւ կարգ մը արհեստակցական միաւորներ: Այս համախմբուածութեան համայնապատկերը, իր ստեղծած միասնական դրական մթնոլորտով, խթանեց բոլոր մասնակիցները, որպէսզի իրենց առաւելագոյնով՝ յաջողութեամբ պսակեն այս շատ կենսական անժամանցելի դրամահաւաքի աշխատանքը:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Այսօրուան դրութեամբ ո՞ւր հասած են միացեալ մարմինի հանգանակային աշխատանքները:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Ցարդ տարուած աշխատանքները կեդրոնացան Վանքուվըրի, Համիլթընի, Սենթ Քաթրինզի, Ուինտզըրի, Մոնթրէալի, Լաւալի եւ Թորոնթոյի հայ գաղութներուն մէջ: Ամէն մէկ կազմակերպական միաւոր, իր անմիջական անդամներու ու համակիրներու ճամբով նախաձեռնեց հանգանակային աշխատանք: Յատուկ ձեռնակրներով, հեռաձայնային կապերով, եւ մասնակի նախաձեռնութիւններով զօրակցական եւ ժողովրդային հաւաքներու ճամբով, հայ հասարակութիւնը իր մասնակցութիւնը բերաւ ու իր լուման ներդրեց այս նպատակին: Այդ հաւաքներուն ընթացքին, նաեւ հանրութիւնը հաղորդ դարձաւ Սուրիոյ հայութեան իրադարձութիւններուն ու այժմու կացութեան: Գաղութներու մէջ կազմակերպուած հաւաքներուն ընթացքին, գաղութները լսեցին համապարփակ զեկոյց ցարդ տարուած հանգանակային աշխատանքներուն մասին: Ուշագրաւ երեւոյթ է նաեւ բոլոր յարանուանութիւններու խանդավառ մասնակցութիւնը այս առաքելութեան մէջ, ուր հովիւները իրենց հաւատացեալներուն քաջալերեցին, որ առաւելագոյն մասնակցութիւն բերեն այս նուիրական աշխատանքին:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Ի՞նչ ձեւաչափերով եւ օրինական դրոյթներով կը կատարէք նուիրահաւաքի աշխատանքը:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Համադրիչ մարմինը ցարդ ունեցած է 4 հանդիպումներ: Հանգանակուած նիւթականի առաքումները պիտի ըլլան CAMAM-ի ճամբով: Գանատայի մէջ կատարուող այս նուիրահաւաքի բոլոր նուիրատուներուն պիտի տրուին տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ Centre dÿAssistance Mondiale Armenien de Montreal-ի (CAMAM) անունով: Այս բարեսիրական գանատական կառոյցին նապտակն է՝ օժանդակել այն կարիքաւոր հայերուն, հոն ուր անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, աշխարհի որ ծայրամասին մէջ ալ գտնուին անոնք: CAMAM իր աշխատանքները կեդրոնացուցած է զանազան մարդասիրական բնոյթի նպաստներ տրամադրելով՝ ուսումնական, ընկերային եւ մարդասիրական ծրագիրներու:
Հանգանակուած գումարները Արամ Ա. կաթողիկոսի կարգադրութեամբ, յատուկ դրամատնային հաշիւով պիտի փոխանցուին Սուրիա, յանձնուելով հոն կազմուած Սուրիահայութեան միացեալ շտապի տրամադրութեան: Սուրիոյ մէջ գործող Միացեալ շտապը, Գանատայի մէջ գործող համադրիչ մարմինի օրինակով, միացեալ մարմին մըն է, որուն բաղադրիչ մասերը ներկայացուցչական մասնակցութեամբ կը մարմնաւորեն Սուրիոյ տարածքին գործող հայ ազգային բոլոր շերտաւորումները ու յարանուանութիւնները: Գանատայի Համադրիչ մարմինը, յաղթահարելով զանազան դժուարութիւններ, անյապաղ յաջողեցաւ առաքել առաջին փոխանցումով՝ 25,000 տոլար: Ուրախ ենք յայտարարելու, որ 50,000 տոլարի երկրորդ առաքումն ալ պատրաստ է արդէն: Նիւթական փոխանցումներու պատկերի մասին մամուլով մեր հասարակութիւնը տեղեակ պիտի պահենք ամէն պատեհ առիթի: Նաեւ պարբերաբար պիտի հրապարակենք ամբողջական ցանկը բոլոր մեր նուիրատուներուն, ջանալով ըլլալ թափանցիկ մեր նիւթական գործառնութիւններուն մէջ: Այս ներդրումները Սուրիոյ շտապին կողմէ պիտի յատկացուին կարիքաւոր ընտանիքներու սնունդի, բժշկական, կենցաղային, բնակարանային զանազան պէտքերը հոգալու:
Նշենք նաեւ, որ բոլոր նուիրատուներուն պիտի տրուին տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ CAMAM-ի անունով: Տեղական մարմինները փոխան նուիրատուութեան, ներկայիս կու տան առժամեայ ստացականներ, աւելի ուշ՝ բոլոր նուիրատուները CAMAM-ի ճամբով պիտի ստանան տուրքէ զերծ համապատասխան ստացականներ:
«ՀՈՐԻԶՈՆ».- Գանատահայ իւրաքանչիւր գաղութի մէջ կատարուած հանգանակութեանց պատկերը կարելի՞ է ներկայացնել ընթերցողներուն:
ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ.- Ցարդ, CAMAM-ին տրամադրուած Գանատայի տարածքին հանագանակուած գումարները հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնէ.
Վանգուվըր 16,000 տոլար, Քեմպրիճ 5000 տոլար, Հեմիլթըն 6000 տոլար, Սենթ Քաթրին 3000 տոլար, Թորոնթօ 65,000 տոլար, Մոնթրէալ-Լավալ 40,000 տոլար: Ընդհանուր գումար՝ 135 հազար տոլար:
Այս գումարը չի ներառեր գանատահայ այն կազմակերպութիւններուն եւ կառոյցներուն հանգանակած գումարները, որոնք իրենց անմիջական խողովակներով կ՛ուղարկուին սուրիահայութեան օժանդակութեան:
Ներկայացուած պատկերը չ՛ենթադրեր, որ հանգանակային աշխատանքները դադրած են կամ իրենց լրումին հասած են: Այնքան ատեն որ Սուրիահայութեան համար գոյութիւն ունին ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական խնդիրներ, մեր աշխատանքները դադար պիտի չ՛ունենան:
Նաեւ ուրախ ենք յայտարարելու, որ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի համադրիչ մարմինը կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցաւ ունենալ իր յատուկ երկլեզու կայքէջը
www.supportsyrianarmenians.ca, որուն միջոցով հանրութեան կը ներկայացուին Գանատայի մէջ ծաւալած աշխատանքները, եւ կը բացատրուի, թէ մեր համախմբումը ի՞նչ է եւ ո՞վ ենք: Նոյն կայքէջով սուրիահայութեան առնչուող լուրերով, յայտարարութիւններով, լուսանկարներով, տեսանիւթերով կը փորձենք առաւել կենդանի պատկեր մը փոխանցել հայկական թաղամասերուն մէջ տիրող կացութեան մասին:
Կայքէջի ամէնէն կարեւոր բաժինը կը հանդիսանայ համացանցի ճամբով նուիրատուութիւն ընելու կարելիութիւնը, բոլոր անոնց, որոնք այլ միջոցներով հնարաւորութիւն չունին իրենց մասնակցութիւնը բերելու այս նուիրահաւաքին, կրնան ուղղակի համացանցով կատարել իրենց նուիրատուութիւնը:
Աւելցնենք, որ կայքէջի միջոցով այլ բարիքներ ալ կը կատարուին: Այսպէս, ոչ հայկական շրջանակներ, որոնք շահագրգռուած են սուրիահայութեան օժանդակելու հարցով, իրենց տեղեկութիւնները քաղելով կայքէջէն, համապատասխան նուիրատութիւններ կ՛առաքեն այս մարդասիրական նպատակին: Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Գանատայի Համադրիչ մարմինը կոչ կ՛ընէ համայն գանատահայութեան, որ իր մասնակցութիւնը բերէ այս առաքելութեան: Այսօրուան մեր գերխնդիրը սուրիահայութեան օգնութեան փութալն է, ի գործ դնելով հայութեան ամբողջ կարողականութիւնը, ազգային մեր ներուժը: Յիշեալ առաքելութիւնը պէ՛տք է անպայման դառնայ մեր առաջնահերթութիւնը: Հայ ազգի զօրաշարժի ժամն է…