ՊԷՅՐՈՒԹ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներուն ծիրէն ներս Ուրբաթ, 9 Նոյեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30ին, Էշրեֆիէի Յիսուսեաններու Սեն Ժոզէֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ լիբանանեան ֆիլհարմոնիք նուագախումբի համերգը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի եւ մենակատարութեամբ հիւրաբար Լիբանան ժամանած աշխարհահռչակ դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանի: Լիբանանի մշակոյթի նախարար Կապի Լայեունի հովանաւորութեամբ ու Հայաստանի դեսպանատան հետ գործակցաբար կազմակերպուած այս ձեռնարկը արգասիքն էր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի գործակցութեան, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի պետական յանձնաժողովին նախաձեռնած 100 համերգներու ծիրին մէջ:
Ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, նախարար Լայեունի ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեանի, Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, պետական, քաղաքական, միութենական ներկայացուցիչներու եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան կայացած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց դեսպան Աշոտ Քոչարեան:
Ողջունելէ ետք ներկաները, ան բացուած յայտարարեց ձեռնարկը, հակիրճ տողերու մէջ ներկայացնելով յատուկ այս առիթով Լիբանան ժամանած տաղանդաւոր դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեանը:
Ապա խօսք առաւ նախարար Լայեունի ներկայացուցիչ Միշել Տը Շատարեւեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները յայտնեց, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւալի առիթը կ՛ոգեկոչենք երաժշտութեամբ՝ համաշխարհային խիղճին առջեւ արծարծելով ժողովուրդներու եւ պետութեանց միջեւ բրտութեան երեւոյթն ու հարց կու տանք, թէ արդեօք բիրտ ուժով կարելի եղա՞ւ լուծել տագնապները եւ անդորրութիւն հաստատել ժողովուրդներու միջեւ»:
Ապա Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբը՝ ղեկավարութեամբ մայէսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, հմայիչ ոճով նուագեց հատուածներ Լազարիա Սարեանէն, Արամ Խաչատուրեանէն եւ Արքուհի Յարութիւնեանէն: Իր կարգին, դաշնակահար Վարդան Մամիկոնեան բուռն ծափողջոյններու ներքեւ դաշնակի վրայ նուագեց Ֆրանք Լիսցէն գործ մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.