ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի Կապալա շրջանին մէջ բանակէն զանգուածային խուսափումներու դէպքեր արձանագրուած են. այս մասին կը հաղորդէ «Ենի Մուսաւաթ» թերթը:
Ըստ թերթին՝ բացայայտուած է, թէ շրջանի զինակոչի պետական ծառայութեան պետը՝ Այտըն Նամազով, զբաղած է կաշառքի դիմաց հիւանդութեան անուան տակ առողջ երիտասարդներ զինուորական ծառայութենէն ազատելու գործով: Թերթը բացայայտած է անունները առնուազն 13 երիտասարդներու, որոնք կաշառք վճարելով՝ խուսափած են զինուորական ծառայութենէն:
Կապալան պատմական Աղուանքի ուտիներով բնակեցուած շրջան է:
Թերթը կը նշէ, որ կաշառքի դիմաց երիտասարդները զինուորական ծառայութենէ ազատելու մեղադրանքով աւելի կանուխ ձերբակալուած էին Կէօճայի, Սաաթլըի եւ Տաշքեսանի բաժանմունքներու պետերը եւս:
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրամանով՝ 2012ի Փետրուարին զինակոչի պետական ծառայութեան ստեղծման ժամանակ ռազմական փորձագէտները յոյս յայտնած էին, որ վերջապէս այդ բնագաւառը կ՛ազատի զեղծարարութեան «ճահիճ»էն եւ կը բարենորոգուի, ինչ որ, սակայն, տեղի չ՛ունենար: Ներիշխանական իւրաքանչիւր խմբաւորում ներկայիս կը պայքարի այդ ծառայութիւնը իր հսկողութեան տակ առնելու համար, քանի որ այդ ծառայութեան միջոցով հնարաւոր է վերահսկել զօրքերու բոլոր տեսակներուն:
Այդ պատճառով, կառոյցն իր հսկողութեան տակ առնելու համար, խմբաւորումները կը փափաքին, որ այնտեղ ղեկավար պաշտօններու վրայ իրենց մարդիկը տեղաւորել: Խմբաւորումներու միջեւ այդ ուղղութեամբ պայքարը այնպիսի չափերու հասած է, որ նոյնիսկ նախագահի հրամանով նշանակուած մարդոց հնարաւորութիւն չի տրուիր աշխատելու: Արդէն չեղեալ յայտարարուած են Սուրախանիի ծառայութեան պետի տեղակալի պաշտօնին վրայ՝ նախագահին կողմէ երկու մարդկանց նշանակման որոշումները», կը գրէ «Ենի Մուսաւաթ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.