ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին վերջերս հատոր մը հրատարակած նոյն Ցեղասպանութեան հեղինակներէն՝ Ահմետ Ճեմալ փաշայի թոռան գիրքին մասին գրելով՝ «Հապերթիւրք» լրատուական գործակալութեան լրագրող եւ Օսմանեան կայսրութեան կործանման վերջին շրջանի հետազօտութիւններով յայտնի Մուրատ Պարտաքճի նշած է, թէ Ճեմալ փաշայի թոռը՝ Հասան Ճեմալը, «մոռցած է կամ չի գիտեր», որ 1927ին, Աթաթիւրքը հայերէ բռնագրաւուած ունեցուածքէն մաս մը, յատուկ որոշումով, յանձնած է Ճեմալ փաշայի ընտանիքի անդամներուն՝ իբրեւ վնասուց հատուցում Ճեմալի սպանութեան համար:
Պարտաքճիի լուրին հետ հրատարակուած է նաեւ Ճեմալ փաշայի դիազննութեան ընթացքին առնուած լուսանկար մը ու պատճէնը այն փաստաթուղթին, որուն մէջ կը նշուի, թէ հայազգի Վիգէն Հոքուչեանի գոյքը կը յանձնուի Ահմետ Ճեմալի ընտանիքին:
Յիշեցնենք, թէ Ճեմալ փաշան Թիֆլիսի մէջ սպաննուած էր Ստեփան Ծաղիկեանի, Արտաշէս Գէորգեանի ու Պետրոս Տէր Պօղոսեանի ձեռամբ՝ Յուլիս 21, 1922ին:
Հասան Ճեմալի «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» գիրքը, հրատարակութեան յաջորդող շաբաթներուն, Թուրքիոյ մէջ ամենաշատ ծախուած գիրքերու շարքին դասուած է: Հասան Ճեմալ նաեւ այցելած է Երեւանի Հայկական Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ ներողութիւն խնդրած է հայերէն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.