ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Ննջեցեալներու ապրած չար կամ բարի կեանքին մասին արտայայտուիլը ներկայ ժամանակներուն որոշ խմբաւորումներու մասնագիտութիւնը դարձած է, որոնք նոյնիսկ կ՛որոշեն անոնց երթալիք տանջանքի վայրը կամ հանգիստի երանական արքայութիւնը: Անցեալին այս մասին խօսելու հեղինակութիւնը խոստովանահայրերուն, կամ առհասարակ հոգեւորականներուն տրուած մենաշնորհ էր, որոնք աղօթքի ճամբով ու երկնային առաջնորդութեամբ ուղղութեան կը հրաւիրէին սանձարձակները, իսկ աստուածային վարձատրութեան մխիթարութիւնը կու տային տառապող ու արդար աստուածապաշտներուն:
Սակայն, այստեղ բախտախնդիրներու ենթադրութիւններուն հիման վրայ հոգիներու փերեզակութիւն ընելու տեղը չէ՛, ո՛չ ալ երկնաւոր Հօր՝ արդար Դատաւորի դատողական աթոռին նստելու յաւակնութիւնը ունենալու, թողելով որ Ան իր անդառնալի վճիռներով տայ վերջնագիրը մեղաւոր մարդկութեան: Ուրիշ առիթով դարձեալ ըսած ենք, թէ ժամկոչը մեռելը լոգցնելէ ետք չի՛ խառնուիր թէ հրեշտակները ո՞ւր կը տանին զայն: Ինք իր պարտականութիւնը կատարած կÿըլլայ: Իցի՜ւ թէ այդ անգրագէտ ժամկոչին չափ գիտակցութիւն ունենան մարդիկ, Աստուծոյ գործին չխառնուելու եւ համեստօրէն իրենց մահկանացուի վերարկուին մէջ մնալու:
Մարդկային անթիւ տկարութիւններուն ու թերութիւններուն մաս կը կազմէ նաեւ, ուրիշները դատելու երեւոյթը: Հակադրութիւնները միշտ պատճառ եղած են բաղդատականներ կատարելու: Այսպէս՝ ես նիհար, իսկ ինք՝ գէր: Ես բարի, իսկ ինք՝ չար: Ես աղքատ, իսկ ինք՝ հարուստ: Ես հաւատացեալ, իսկ ինք՝ անհաւատ: Եւ անվերջանալի է այս համեմատութիւններու ցուցակը, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ կը տարբերի միւսէն ո՛չ միայն իր արտաքինով, այլ հոգեկան կազմաւորման իւրաքանչիւր բջիջով:
Համեմատութիւններ կատարելու այս փորձութիւնը, մարդս կրնայ առաջնորդել մէկ այլ փորձութեան, որ դատելու փորձութիւնն է: Եթէ դատելու երեւոյթը սխալի դիմաց ցցուող արդարութեան ձայնը ըլլար միայն, շատ հաւանաբար ամէնուն կողմէ ողջունելի պիտի ըլլար, եւ որուն ո՛չ ոք պիտի ուզէր հակառակիլ: Սակայն, մարդկային ազատութիւնը իր չափազանցուած կերպին մէջ, երբ առիթը ունի մանաւանդ ասպատակելու ուրիշներուն սահմանները, կրնայ դատելու իշխանութիւնը վերապահել իրեն, զայն ամբողջութեամբ առնելով Արարիչին ձեռքէն…:
Ինչո՞ւ Արարիչին դատաստանին նկատմամբ միշտ հնազանդութիւն կը ցուցաբերեն մարդիկ: Արդեօ՞ք անոր համար որ ոչինչ կրնան ընել Անոր դէմ: Ո՛չ, որովհետեւ գէթ կրնան բողոքել ու մեղանչել Անոր դէմ, իրենց նկատմամբ անարդար դատաստան տեսնելուն համար: Սակայն, գիտակից մարդը միշտ ալ արդարութիւնը ընդունող անձն է, որ թէեւ հոգեպէս վիրաւորուած, բայց կÿընդունի աստուածային դատաստանին հեղինակութիւնը, եւ գլուխ կը ծռէ անոր դիմաց:
Դատող մարդուն պարագային նոյնը կարելի չէ՛ ըսել: Որեւէ խօսք, որեւէ արտայայտութիւն, պէտք է միշտ երաշխաւորուած ըլլայ հեղինակութեամբ: Կարծիքներու բազմազանութիւնը, իր տպագիր, թուային թէ խօսակցական տարբերակներով, շօշափած անսահման նիւթերով ու վերլուծումներով, հասարակութեան ներկայացուցած տարբեր խաւերուն համապատասխան ընթերցողներ կը գտնէ: Ամէնուն պարագային ալ, սակայն, ամէնէն կարեւոր խնդիրը կը մնայ հեղինակութիւնը: Հետաքրքրութիւնները կրնան տարբեր ուղղութիւններու առաջնորդել ամբոխներ, որոնց հետաքրքրութիւններուն յագուրդ տալու համար միջոցներու միջեւ խտրութիւն բնա՛ւ չի դրուիր: Սակայն, դարձեալ կը մնայ նոյն կարեւոր խնդիրը, որ հեղինակութեան անխուսափելի ըլլալն է: Յիսուսի ալ հարցուեցաւ նոյն հարցումը, ստուգելու համար Անոր հեղինակութիւնը (հմմտ Մտ 21.23):
Հին Արեւելեան շուկաներու վաճառականները մասնաւոր դասակարգ կազմելու չափ հետաքրքրական անձեր էին: Մետաքսեայ ճանապարհը բռնող մեծահռչակ կարաւանատէր հարուստ վաճառականներուն չենք ակնարկեր, այլ՝ փակ շուկաներու ամէնօրեայ ձայնաւոր շրջուն փերեզակներուն, որոնք յատուկ ձեւով ալ կը զգեստաւորուէին: Հարուստները ջորիներու կամ էշերու քամակին բարձած իրենց ծախու ապրանքները, կը մտնէին պազար եւ ամբողջ օրը անոնց աջ ու ձախ կախուած խուրջիններուն մէջէն դուրս հանելով իրենց բերածները, կը սակարկէին խանութպաններուն թէ պատահական անցորդներուն հետ:
Աւելի աղքատ վաճառականները հիւսուած կարպետի նմանութեամբ մէկ զոյգ խուրջին իրենց ուսէն կը կախէին, մէկը դէպի ետեւ՝ կռնակին վրայ հակած, իսկ միւս առջեւ՝ փորին մէկ մասը ծածկող:
Այս աղքատ վաճառականներուն վերաբերումը իրենց քով գտ-նուող ապրանքներուն նկատմամբ, բարոյական մեծ դաս կը պարունակէ իր մէջ: Երկու խուրջիններ հագած գիւղացի այդ վաճառականները, գիւղէն դէպի քաղաք՝ շուկայ ճամբայ չելած, կը դասաւորէին իր ունեցած ապրանքները, զանոնք դնելով իրենց առջեւ կախուած խուրջինին մէջ: Շուկայի խառնարանին մէջ շրջագայած միջոցին, անոնք տան համար անհրաժեշտ պիտոյքներ ալ կը վերցնէին, երբեմն փոխանակելով իրենց ունեցածները, խանութպաններուն ունեցած առարկաներուն հետ: Իրենց ընտրածները ափերուն մէջ մասնագիտօրէն շօշափելէ ետք, լաւերը, թանկարժէքները կը լեցնէին իրենց առջեւի խուրջինին մէջ, իսկ վատորակները, կը նետէին ետին՝ կռնակին վրայ իջնող խուրջինին մէջ…:
Ամէնօրեայ կեանքի մէջ իւրաքանչիւր անձ պէտք ունի գիւղացի փերեզակներու համար այնքան անհրաժեշտ այդ զոյգ խուրջիններով կարպետին, զոր պէտք է իր ուսէն կախէ, հանգիստ ապրելու համար իրեն պարգեւուած օրերը: Գիւղացի փերեզակները կազմակերպուած ու պատրաստուած մարդիկ էին Արեւելեան շուկաներուն համար: Լաւ ապրանքները միշտ ցուցադրելու անմիջականութիւնը անհրաժեշտ էր անոնց գործի յաջողութեան համար: Իսկ կիսաթանկարժէքները, նոյնիսկ իրենց սեփականութիւնը նկատուածները, անոնք կը նետէին ետեւին խուրջինին մէջ: Իսկ երբ տուն դառնային երեկոյեան, տնեցիք եւս գիտնալով արժէքաւորներուն տեղը, շուտով իրենց ձեռքերը կը մտնցէին անոնց առջեւ կախուած խուրջինին մէջ, տեսնելու համար թէ տան հայրը ի՞նչ բերած էր իրենց համար:
Ամէնքս ալ այդ «արեւելեան շուկայ»ին մէջ ենք ամէն օր: Ամէն կողմէ ապրանք ծախող մարդոց երգախառն աղմուկը այնքան բարձր կը հնչէ, որ ո՛չ ոքի ըսած կը հասկնանք: Եթէ գիւղացի վաճառականներուն յատուկ կարպետը չէ՛ կախուած ուսէդ, կատարած «գնումներդ» կը շուարիս ո՞ւր դնել: Սակայն երբ ունիս այդ գիւղական կարպետը վրադ, վատորակները կամ գէշերը շուտով կրնաս ետեւդ նետել, առանց կարեւորութիւն ընծայելու անոնց, իսկ լաւորակները խնամքով կը դասաւորես առջեւիդ խուրջինին մէջ, արժանաւորապէս զանոնք դուրս բերելու համար, տան սեմէն ներս մտնելէդ ետք:
Առնելն ու վաճառելն ալ իր օրէնքները ունի, այլապէս ձախող առուտուր ընող վաճառականին նման, տասի առածդ՝ հինգի կը ծախես, եւ ի վերջոյ՝ անօթի կը մնաս…