
– Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Վիլի Սուվենտալ յայտարարած է, թէ Դանիա որոշած է սուրիացի գաղթականները հիւրընկալող երկիրներուն 20 միլիոն տոլարի նիւթական օժանդակութիւն կատարել՝ քաջալերելու համար անոնց մարդասիրական առաքելութիւնը:
– Ըստ ամերիկեան պետական տուեալներուն՝ չքաւորութեան մակարդակով կամ անկէ ցած ապրող ամերիկացիներուն համեմատութիւնը կրկնապատկուած է 1976էն ի վեր:
– «Փիու» հիմնարկին համաձայն՝ 2007էն ի վեր, սպանացիներուն մօտ 30 տոկոսով նուազած է այն համոզումը, թէ դրամատիրական կարգերու շնորհիւ անձի մը կեանքին որակը կարելի է բարելաւել: Այդ նահանջը միայն 4 տոկոս եղած է ամերիկացիներուն մօտ:
– «Հարվըրտ» համալսարանի հանրային առողջապահութեան բաժանմունքին կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն՝ աշխարհի տարածքին, չափահասներուն մէկ երրորդը Համաշխարհային առողջապահութեան կազմակերպութեան առաջադրած ֆիզիքական բաւարար գործունէութիւն չունի: Այս իրողութեան կը վերագրուի տարեկան աւելի քան 5 միլիոն հոգիի կանխահաս մահը: