
ԿԱԶԱ, «Ռոյթըրզ».- Ուրբաթ, Նոյեմբեր 16ին, Կազա այցելելով զինադադար պարտադրելու Եգիպտոսի վարչապետ Հիշամ Քանտիլի ջանքերը չկրցան զսպել Իսրայէլի ու «Համաս»ի միջեւ շարունակուող հրթիռարձակումները, որոնք ցարդ 22 զոհ խլած են Կազայի մէջ, իսկ Կազայի մօտակայ իսրայէլեան բնակավայրի մը մէջ՝ երեք զոհ: Կը նշուի, թէ պաղեստինցի զոհերէն 14ը քաղաքային են, ներառեալ՝ 7 երեխաներ եւ յղի կին մը:
Նոյն օրը, իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը Կազայի մէջ ցամաքային գործողութեան մը նախապատրաստական աշխատանքները կը շարունակէ: Մէկ օր առաջ Իսրայէլ զինակոչի ենթարկեց իր 16,000 պահեստի զինուորները:
Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ կը հաղորդեն, որ Կազայէն արձակուած հրթիռներ հարուածած են Իլաթի, Պիր Սապահի եւ Ովաքիմի մէջ տարբեր դիրքեր: Հրթիռներ արձակուած են նաեւ Թել Աւիւի ու Երուսաղէմի ուղղութեամբ, իսկ առնուազն մէկ հրթիռ Թել Աւիւի արուարձանի մը մէջ ինկած է:
«Համաս»ի աղբիւրները նաեւ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան հետազօտիչ օդանաւ մը վար առնուած է պաղեստինեան ուժերուն կողմէ։
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենտ Արընչ Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումը «ողբերգութիւն» որակելով՝ պատրաստակամութիւն յայտնեց միջնորդելու՝ Կազայի մէջ գործողութիւնները դադրեցնելու նպատակով:
Բրիտանական «Կարտիըն» թերթը Ուրբաթ օր գրած է, որ Կազայի դէմ իսրայէլեան գործողութիւնը քաղաքական նպատակներ կը հետապնդէ: