
Փարիզ հաստատուած Ուժանիւթի միջազգային հիմնարկի տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին ինքնաշարժներու թիւը պիտի կրկնապատկուի մինչեւ 2035 թուական՝ հասնելով 1.7 միլիառի: Այս աճին մեծ մասը տեղի պիտի ունենայ Ասիոյ եւ յատկապէս Չինաստանի ու Հնդկաստանի մէջ: Այս վերջինի պարագային, ինքնաշարժներու թիւը ներկայ 14 միլիոնէն պիտի հասնի 160 միլիոնի: Նոյն հիմնարկի տուեալներուն համաձայն՝ աշխարհի տարածքին, 2000 թուականին, իւրաքանչիւր հազար քաղաքացիի դիմաց կար միայն 4 ինքնաշարժ: 2010ին, այդ համեմատութիւնը տասնապատկուած է՝ հասնելով 40ի, իսկ 2035ին պիտի հասնի 310ի: Բաղդատականի մը համար յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ իւրաքանչիւր հազար քաղաքացիի դիմաց 660 ինքնաշարժ կար: