
ՊՈԼԻՍ, «Զաման».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայեփ Էրտողան Նոյեմբեր 15ին յայտարարեց, թէ իր առաջին ազգային ռազմական հրասայլը՝ «Ալթայ»ը, պիտի սկսի արտադրուելու 2013ին կամ 2014ին, այսինքն՝ նախապէս ծրագրուածէն մէկ կամ երկու տարի առաջ: «Ալթայ»ի նախատիպը ծանօթացնելու հանդիսութեան ընթացքին, վարչապետը պնդեց, թէ Թուրքիա խաղաղութիւն կը ցանկայ, բայց՝ «համբերութիւնը ունի սահման», որմէ անդին Թուրքիա չի վարանիր օգտագործելու իր բանակը, «որ աշխարհի մէջ ամէնէն կատարելագործուած, ուժեղ ու ամէնէն լաւ զինուած բանակներէն մէկն է»։