ՓՈՔՐԻԿ ՀԱՅԱՍՏԱՆ.- Տէր Նարեկ աւագ քահանայ Շրիգեան, «Ասպարէզ» այցելելով՝ իր եւ իր զաւակներուն ստորագրութեամբ հետեւեալ հաղորդագրութիւնը փոխանցեց խմբագրութեան.
«Մեր հանգուցեալ որդւոյն եւ եղբօր Վահէ Շրիգեանի յիշատակին կը հաստատենք 200,000 տոլարի անձեռնմխելի ֆոնտ մը, որուն տոկոսներէն գոյացած եկամուտը պիտի յատկացուի հայ մանուկներու հայեցի ուսման եւ դաստիարակութեան»:
Իր «Ասպարէզ» այցելութեան առթիւ, տէր Նարեկի ընտանիքը հազար տոլար նուիրեց խմբագրութեանս: