ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 16 Նոյեմբերի առաւօտեան, Արամ Ա. հայրապետը Վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Քուէյթի, Քաթարի, Պահրէյնի, Օմանի, Սէուտական Արաբիոյ, Տուպայի, Ապու Տապիի ու Շարժայի մէջ հաստատուած քրիստոնեայ համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները: Քսաներկու անդամներէ բաղկացած պատուիրակութեան մաս կը կազմէր նաեւ նոյն շրջանի կաթողիկոսական փոխանորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Յիշեալ շրջանի քրիստոնեայ համայնքներու պատասխանատուները Լիբանան եկած էին մասնակցելու Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու խորհուրդին (ՄԱԵԽ) կողմէ կազմակերպուած յատուկ համագումարի մը, որուն նպատակն էր նոյն շրջանէն ներս միջեկեղեցական գործակցութեան մարմին մը յառաջացնել:
Խօսք առնելով ՄԱԵԽի Ծառայութիւն եւ Ընկերային Արդարութեան բաժանմունքի տնօրէնուհի Սեդա Խտըշեան, պարզեց տեղի ունեցած համագումարին նպատակը, եւ հոն առնուած որոշումները: Ան յայտնեց, որ այցելած էին հայրապետին, որպէս ՄԱԵԽի նախագահներէն մէկը ու միջեկեղեցական հարցերու քաջատեղեակ անձ՝ ունենալու իր թելադրութիւնները:
Ողջունելով Արաբական Ծոցի շրջանէն ներս միջեկեղեցական կառոյց մը յառաջացնելու որոշումը, վեհափառը իր խօսքը ամփոփեց հետեւեալ կէտերուն մէջ.
ա) Միջեկեղեցական շարժումը եկեղեցւոյ կեանքին ու առաքելութեան էական առաջնահերթութիւններէն մէկն է: Եկեղեցին չի կրնար դառնալ ինքնագոյ ու ինքնանպատակ: Քրիստոսի մարմնին անդամ ըլլալով, ոեւէ եկեղեցի կոչուած է իր կեանքը ապրելու ու իր վկայութիւնը կատարելու նոյն մարմնի միւս անդամներուն հետ մնայուն գործակցութեան մէջ ըլլալով:
բ) Միջեկեղեցական շարժումը կարեւորութեամբ պէտք է նկատի ունենայ իր շրջապատը, անոր կրօնաքաղաքական ու ընկերատնտեսական կեանքը, եւ այդ բոլորին առնչուած մտահոգութիւններն ու զգայնութիւնները: Հետեւաբար, միջեկեղեցական կառոյցը շրջանէն ներս պէտք է գործէ այնպէս, որ համապատասխանէ իր միջավայրի իւրայատկութիւններուն:
գ) Կ՛ապրինք վերիվայրումներով, նոր զարգացումներով ու երեւոյթներով լեցուն ժամանակաշրջանի մը մէջ Միջին Արեւելքէն ներս: Տեղ մը կրօնական ծայրահեղութիւններ, այլ տեղ մը քաղաքական զգայնութիւններ, երբեմն մեզ կը դնեն որոշ դժուարութիւններու դիմաց: Այս ուղղութեամբ պէտք է ըլլալ ուշադիր. ձեր համայնքները երբ Արեւմտուքին հետ պէտք չէ գտնուին այնպիսի յարաբերութեան ու գործակցութեան մէջ, որոնք կրնան դուռ բանալ զգայնութիւններու տեղական իշխանութիւններու մօտ՝ նաեւ վնասելով Միջին Արեւելքին առնչուած քրիստոնեայ համայնքներու կեանքին ու առաքելութեան:
դ) Շրջանը մաս կը կազմէ ՄԱԵԽի պատասխանատուութեան: Հետեւաբար, Խորհուրդի մարմիններուն, ծրագիրներուն ու աշխատանքներուն հետ պէտք է շրջանի կապը ըլլայ անմիջական ու մնայուն:
Ապա, վեհափառը պատասխանեց իր կատարած թելադրութիւններուն ուղղութեամբ կատարուած շարք մը հարցումներու:
Յայտնենք, որ Արաբական Ծոցի շրջաններէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու թիւը սկսած է նոր աճ արձանագրելու՝ յատկապէս վերջին տարիներուն: ՄԱԵԽի կողմէ հայթայթուած տուեալներուն համաձայն, 65 տարբեր եկեղեցիներու պատկանող աւելի քան երեք միլիոն քրիստոնեաներ կ՛ապրին այդ շրջաններէն ներս:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.