Պոլսահայ Պուրաք Պուլտուքի ստեղծած է Haysocial ընկերային կայքէջը, որ նախորդ շաբթուընէ սկսեալ արդէն իսկ հասանելի է աշխարհի բոլոր հայերուն։
Կայքէջին մէջ ներառած են Facebook, Twitter, Google եւ Linkedin կայքէջերու կարեւոր գործառոյթները. անիկա իւրայատուկ է այն հանգամանքով, որ անոր կրնան միանալ եւ հոն արձանագրուիլ միայն հայերը։
Պոլսահայ «Ակօս» թերթի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Պուրաք Պուլտուքը նշած է, թէ www.haysocial.com կայքէջը ստեղծուած է աշխարհի հայերուն միջեւ եղած պատնէշները քանդելու եւ իրարու հետ հաղորդակցութեան հաստատման միջոց ըլլալու համար։ «Կայքէջին միանալու համար պէտք է անպայման հայ ըլլալ, այս մէկը ստուգելու համար կան կարգ մը գործառոյթներ։ Կայքէջին միանալն ու անկէ օգտուիլը անվճար է», նշած է ան։
Պուլտուք դիտել տուած է, որ կայքէջի ստեղծման, ծրագրաւորման, օգտատէրերու անվտանգութեան ապահովման համար 8 ամիս աշխատած են: Ներկայ դրութեամբ անիկա միացուած է Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գտնուող 30 տեսախցիկի: «Սկսած եմ աշխատանքներ կատարել, որպէսզի Հայաստանի տարբեր քաղաքներուն մէջ գտնուող տեսախցիկները եւս միացնեմ կայքէջին», նշած է ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.