Ռումանական Ակադեմիան Նոյեմբեր 15ին իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին Ակադեմիոյ յետմահու անդամի կոչում շնորհած է նշանաւոր պատմաբան, արեւելագէտ եւ հայագէտ Յակոբ Սիրունիին:
Երիտասարդ տարիներուն Պոլսոյ գրական-հասարակական կեանքի խոստումնալից գործիչ, Դանիէլ Վարուժանի հետ «Նաւասարդ» տարեգիրքի համահրատարակիչ Յակոբ æօլոյեան Սիրունի (1890-1973թթ.), փրկուելով Ցփղասպանութենէն, 1922էն վեր ապաստանած էր Ռումնիա, ուր նշանաւոր ռումանացի պատմաբան Նիկոլայ Եորկայի հովանաւորութեամբ ծաւալած է գիտական-ստեղծագործական լայն գործունէութիւն՝ այդ երկրի մէջ սկիզբ դնելով արեւելագիտութեան եւ հայագիտութեան ճիւղերուն:
Բազմակողմանի հետաքրքրութիւններու տէր գործիչը Համաշխարհային Բ. պատերազմէն անմիջապէս ետք մեղադրուելով իր ազգայնական գաղափարներով, 1945ին աքսորուած է Սիպերիա. տասը տարի ետք, վերադառնալով Ռումանիա, դարձեալ նուիրուած է գիտութեան եւ հասարակական գործունէութեան:
Վերջին տարիներուն ռումանական գիտական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ աճած է հետաքրքրութիւնը Յակոբ Սիրունիի հանդէպ: Ռումանական ակադեմական շրջանակներէն ներս եւ մամուլով կը քննարկուէր նշանաւոր գիտնականի վաստակի յետմահու պատշաճ գնահատման հարցը: Ռումանահայոց միութիւնը, եկեղեցին եւ հայաստանի դեսպանութիւնը նոյնպէս հետեւողական ջանքեր գործադրած են այդ ուղղութեամբ:
Յատկապէս ծաւալուն գործ կատարած է ռումանահայ գրող, հրապարակախօս եւ լրագրող Վարդան Առաքէլեանը, որ անցեալ տարի հրատարակած է «Սիրունի. մի հալածեալի ոդիսականը» ուսումնասիրութիւնը: Անոր նախաբանով լոյս տեսած է նաեւ «Յակոբ æօլոյեան Սիրունի. հայ գիտնականի աշխատանքը Ռումինիայում» հատորը:
Դեսպան Համլէտ Գասպարեանի կարծիքով, վերջին հետազօտութիւնները, ինչպէս նաեւ Յակոբ Սիրունիի ձգած գիտական ժառանգութեան եւ հարուստ արխիւային փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը կը նպաստեն Ռումանիոյ մէջ հայագիտութեան վերածնունդին, որու հիմնադիրներէն եղած է նշանաւոր գիտնականը:
Մէկուկէս դարեայ պատմութիւն ունեցող Ռումանական Ակադեմիոյ անդամ եղած են շարք մը ռումանահայեր, որոնց շարքին՝ գրականագէտ եւ տեսաբան Կարապետ Իպրայիլեանը (1871-1936), տնտեսագիտական միտքի մեծերէն Վիրճիլ Մաճարը (1887-1940), մեծ մտածող, մաթեմաթիկոս, կրթական համակարգի բարեփոխիչ Սփիրու Յարեթը (1851-1912):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.