
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանեան PSI ընկերութիւնը մշակած է երկրաշարժը բացայայտող գերզգայուն գործիք մը, որ իր զգայունութեան աստիճանով կը գերազանցէ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող նմանատիպ բոլոր սարքերը: Այդ մասին «Նիուզ»ին յայտնած է ընկերութեան ներկայացուցիչ Վարդան Գէորգեանը, որ սարքը կը ներկայացնէ Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Վենչուրային կոնֆերանս»ին ընթացքին:
Անոր համաձայն, այս սարքը կրնայ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցել երկրաշարժներուն մասին, մանաւանդ որ կ՛արձանագրէ մինչեւ իսկ երկրաշարժային ամէնէն մեղմ տատանումները, մինչ ներկայիս գործող նշանաւոր բացայայտիչները միայն երկրաշարժը կ՛արձանագրեն։ Վ. Գէորգեան իր գիւտը բաղդատած է օձերու գերզգայուն մաշկին հետ: «Օձերն ունեն այդ սենսորներն իրենց մաշկի վրայ, ընդերքում ալիքներն ու տատանումները զգում են, ու բնից դուրս են գալիս երկրաշարժիից առաջ ու փրկւում են: Մարդկութիւնը չունի այդ սենսորը, բայց այսպիսի սարքերը կ՛օգնեն կանխագուշակել երկրաշարժերը», յայտնած է Վ. Գէորգեան: Սարքը այնքան զգայուն է, որ կ՛արձանագրէ նոյնիսկ դրացի երկրի ընդերքին մէջ ընթացող տատանումները:
Ընկերութիւնը ներկայիս սենսըրներ կը մատակարարէ Սինկափուրին, սակայն փափաք կայ մեծաքանակ արտադրութիւն կատարելու։ Ներդրումներու համար սկզբնական հանգրուանին անհրաժեշտ է 250 հազար տոլար, ինչ որ առիթ կու տայ քանի մը երկրաշարժի բացայայտիչ արտադրելու, սակայն գործարանային արտադրութիւն կատարելու պարագային անհրաժեշտ է 6 միլիոն տոլար:
Ներկայիս աշխարհին մէջ երկրաշարժի բացայայտիչներուն միջին գինը 10 հազար տոլար է, բայց հայկականը աւելի աժան է՝ 8 հազար տոլար։