Հովանաւորութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ հովիւներու եւ հոգաբարձութեան, Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Գոհաբանութեան տօնին առթիւ Սիրոյ Ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 11ին, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Վազգէն քհնյ. Աթմաճեանի հոգեւոր խօսքով եւ սեղաններու օրհնութեամբ բացուեցաւ հաւաքոյթը։ Բացման խօսքը կատարեց Գրիգոր Մսըրլեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Սուրբ Գրոց սերտողութեանց խմբակներու նպատակն է ծառայել Աստուծոյ, Հայց. առաքելական Ս. եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի հոգեւոր կարիքներուն։ Ապա փոխանցեց օրուան խորհուրդին իմաստը. «Որպէս քրիստոնեաներ՝ անհամար պատճառներ ունինք շնորհակալ ըլլալու եւ ուրախ ըլլալու հոգեպէս, ֆիզիքապէս եւ նիւթապէս, երախտապարտ հոգիով Աստուծոյ՝ իր պարգեւած բարիքներուն համար»։
Ապա ան ներկայացուց օրուան հանդիսավարուհին՝ Սօսի Կապրիէլը։
Ս. Կապրիէլ շնորհակալութիւն յայտնեց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան կողմէ հիւրընկալութեան համար, ինչպէս նաեւ բոլորին ներկայութեան համար, ապա անցաւ յայտագիրի գործադրութեան:
Վիքի Թըրնըր եւ Նուարդ Պալըքճեան միասնաբար երգեցին «Լցաք ի Բարութեանց Քո Տէր» եւ «Գոհանամք զՔէն Տէր, որ կերակրեցեր զմեզ, յանմահական սեղանոյ Քո» շարականները, որոնք կ՛երգուին Ս. պատարագի աւարտին:
Յաջորդիւ Վիքի Թըրնըր եւ Ցոլակ Չիլինկիրեան կարդացին 103րդ Սաղմոսի 2-5 համարները։ Սաղմոսագիրը կ՛ըսէ. «Օրհնաբանէ Տէրը, ով իմ անձս, Ան է, որ կը քաւէ բոլոր մեղքերդ, կը բժշկէ բոլոր հիւանդութիւններդ»։ Իսկ Սարգիս Կենճեան եւ Հրաչ Եսայեան նուագով ու հոգեւոր երգերով զուարթացուցին մթնոլորտը։
Նուարդ Պալըքճեան եւ Յարութ Մեսրոպեան հայերէնով եւ անգլերէնով կարդացին Պօղոս առաքեալի նամակը՝ ուղղուած փիլիպպեցիներու, 4րդ գլուխ, 4-7 համարները։ Նամակին մէջ առաքեալը կը հրաւիրէ բոլորս՝ «մի՛շտ ուրախ ըլլալու Տիրոջմով», եւ՝ «Որեւէ բան թող չմտահոգէ ձեզ, այլ միշտ ձեր աղօթքներուն եւ աղաչանքներուն մէջ գոհունակ սիրտով Աստուծմէ խնդրեցէք այն, ինչի կարիքը կը զգաք»։
91րդ Սաղմոսի 1-16 համարները կարդացին Շաքէ Սեդրակեանը, Լուսաբեր Գապաքլեանը, Սօսի Թաշճեանը եւ Յարութ Մեսրոպեանը։ Սաղմոսագիրը կ՛ըսէ. «Այո՛, ո՜վ Տէր, իմ ապաւէնս Դո՛ւն ես. Դո՛ւն, որ բարձրեալը ապաստանդ դարձուցիր, որեւէ չարիք պիտի չհասնի Քեզի, որեւէ փորձանք պիտի չմօտենայ տանդ»։
Մէջ ընդ մէջ, Սարգիս Կէնճեան եւ Հրաչ Եսայեան նուագով ու հոգեւոր երգերով մեզ եւս մասնակից կը դարձնէին այս ուրախ մթնոլորտին։
Գոհաբանութեան օրուան իր անգլերէն պատգամը փոխանցեց Նայիրի Գոճապապեանը։ Ան բացատրեց, թէ գոհաբանութեան զգացումը ծագում առած է Հին Կտակարանէն։ Արդարեւ, Դաւիթ թագաւոր իր 105րդ Սաղմոսին մէջ կ՛ըսէ. «Գոհութիւն յայտնեցէք Տիրոջ, բարձր հնչեցուցէք Անոր անունը, բոլոր ժողովուրդներուն ճանչցուցէք Անոր մեծամեծ գործերը»։ Նաեւ 100րդ Սաղմոսը, ուր կայ Աստուծոյ ուղղուած «Գոհաբանական երգը», որ ամէն Կիրակի կ՛երգուի Ս. պատարագի սկզբնաւորութեան աւարտին:
Նայիրի Գոճապապեան բացատրեց նաեւ Ամերիկայի մէջ հաստատուած առաջին գաղթականներուն Գոհաբանական աղօթքը՝ Աստուծոյ պարգեւած բարիքներուն եւ նոր աշխարհին մէջ իրենց ազատութեան առթիւ։
Արփի Կիտցինեան հմայիչ առոգանութեամբ արտասանեց բանաստեղծ Վահան Թէքէեանի «Եկեղեցին Հայկական»ը, ուր բանաստեղծը կը պանծացնէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին։
Յաջորդիւ՝ տոքթ. Յակոբ Տիգրանեան բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Նոր Կտակարանին մէջ յիշուած հիւանդներ, իրենց փառաբանանքը կը յայտնէին Աստուծոյ՝ նաեւ շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի։
Նախագահ Լինքըլն 1863ի իր հրամանով օրինականացուց Գոհաբանութեան տօնը՝ խնդրելով Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ օգնութիւնը այդ ժամանակի քաղաքացիական պատերազմէն որբ մնացած, այրիացած եւ վիրաւորուած քաղաքացիներուն համար։
Սարգիս Տէրվիշեան յուզումով ընթերցեց Դանիէլ Վարուժանի «Ցան» բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը գովէ սերմնացանին աշխատանքը եւ կը մատնանշէ Աստուծոյ օրհնութիւնը անոր աշխատանքի արդիւնքին վրայ։
Թագուհի Սիմոնեան, Լիոնէ Մուրատեան, Անահիտ Ներսէսեան եւ Արաքսի Եղսիկեան կարդացին Հին Կտակարանի Բ. Օրինաց գիրքէն 28րդ գլուխը, 1-12 համարները։ Հոն Աստուած կը նկարագրէ Իրեն հնազանդութեան օրհնութիւնները։ Կ՛արժէ ուշի ուշով կարդալ ու խորհրդածել անոնց մասին։
Ապա Զուարդ Մէրմէրեան կարդաց Համաստեղի «Աղօթարան» գրութենէն հատուած մը։ Սօսի Կապրիէլ շնորհակալութիւն յայտնեց յայտագիրի բոլոր մասնակիցներուն։
Սոյն սիրոյ ճաշկերոյթ-հաւաքոյթը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով եւ «Կիլիկիա» երգով։
Ի՜նչ տպաւորիչ եւ հոգեպարար էր տեսնել բոլոր հաւատացեալ քոյրերը եւ եղբայրները միատեղ հաւաքուած, Սիրոյ Ճաշի սեղաններուն շուրջ՝ փառաբանելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի օրհնութիւնը եւ Անոր պարգեւած անթիւ բարիքները։
Օրուան հասոյթը եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններու գումարը փոխանցուեցաւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան՝ իբրեւ նուէր եկեղեցւոյ պայծառութեան։
ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ
Այս Էջը Կը Հովանաւորեն
Ս. ԳՐՈՑ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԵԱՆ ԽՄԲԱԿՆԵՐԸ