
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նիուզ».– ՀՅԴ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Կիրօ Մանոյեան 28 Նոյեմբերին «Փաստարկ» մամլոյ ակումբին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն շրջան տուած այցելութիւնը ցոյց տուաւ, թէ բանակցութիւնները փապուղի մուտք գործած են։
Անոր համաձայն, համանախագահներուն այն եզրակացութիւնը, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին արտաքին գործոց նախագահներու մակարդակով եւ տակաւին ակնկալելի չէ նախագահներուն միջեւ հանդիպումի մը կայացումը, ցուցանիշ է այն երեւոյթին, որ համանախագահողները կը փորձեն ձեւով մը ընթացք տալ բանակցութիւններուն՝ նուազեցնելու համար պատերազմի հաւանականութիւնը: «Պատերազմի հաւանականութիւն, ոչ միայն ԼՂ հակամարտութիւնից բխած, այլեւ ընդհանրապէս տարածաշրջանում տեղի ունեցող զարգացումները», աւելցուց Կիրօ Մանոյեանը:
Բայց եւ այնպէս ան աւելցուց. «Պատերազմի իրական վտանգ Հայաստանի համար այս պահին չկայ: Ադրբեջանը միշտ էլ ռազմատենչ յայտարարութիւններ է անում, խախտում հրադադարի ռեժիմը, բայց միաժամանակ վստահ չէ սեփական ուժերի վրայ»։
Մանոյեանի համաձայն, Ատրպէյճան պէտք է գիտակցի, որ ինք չի կրնար իր քմահաճոյքով պատանդ պահել այս բանակցութիւնները: «Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ցոյց տայ Ադրբեջանին, որ ինչքան ձգձգի բանակցութիւնները, այդքան այդ ամէնը ոչ շահեկան կը լինի իր համար»։
Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղին եւ Հայաստանին կը մնայ աշխուժացնել ճիգերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման ուղղութեամբ. բան մը, որ կարելի է ընել թէ՛ ամբողջական, եւ թէ մասնակի ճանաչման դրութեամբ: Կիրօ Մանոյեան նաեւ դիտել տուաւ, որ համանախագահներուն ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի այն առաջարկը՝ Լեռնային Ղարաբաղ բանակցային սեղան վերադարձնելու, տեղին է, նոյնիսկ քիչ մըն ալ ուշացած է: «Եթէ համանախագահները անկեղծ են, ապա Լեռնային Ղարաբաղին այդ հնարաւորութիւնը պէտք է տան Ադրբեջանին ցոյց տալու համար, որ այդ բանակցութիւնները չի կարող պատանդ պահել իր տրամադրութիւններին», նշեց ան։
Կ. Մանոյեան նաեւ տեղեկացուց, որ Միջազգային համաժողովի ծիրին մէջ Պաքու հրաւիրած են նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի կառոյցը, սակայն իրենք նպատակայարմար չգտնելով՝ չեն ընդունած հրաւէրը:
«Սրանից առաջ Եվրանեսթի ասամբլէայի ժողովին, որը կայացաւ այս տարուայ Մայիսին Բաքւում, չմասնակցելը ճիշդ չէր լինի: Բայց ասել, որ բոլոր նման ժողովներին մասնակցելը ճիշդ չի լինի, դա էլ ճիշդ չէ», դիտել տուաւ ան՝ աւելցնելով, որ Պաքուի մէջ գումարուած Ասիական կուսակցութիւններու միջազգային համաժողովը ցոյց տուաւ, որ անոնք լրիւ ատրպէյճանցիներուն ազդեցութեան տակ են: «Հետեւաբար, նման ժողովներին մասնակցելը այդքան էլ ճիշդ չի լինի, որքան էլ մասնակցողը կամ մասնակցողները փորձեն հակաճառել եւ այլն, եւ այլն: Իսկ վերջին ժողովը փաստեց, որ պարտադիր չէ բոլոր հրաւէրներին դրական պատասխանել, որովհետեւ այդ կերպ կը նպաստենք նրանց լեգիտիմացմանը», ըսաւ Մանոյեան՝ չուզելով յատուկ կերպով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի հետ տեղի ունեցածին անդրադառնալ։
Խօսելով սուրիահայութեան եւ անոր դիմագրաւած ներկայ դժուարութիւններուն մասին, Կիրօ Մանոյեան հաստատեց, որ Սուրիոյ հայ համայնքը ունի շուրջ 1000 տարուան պատմութիւն: Աւելի՛ն, համայնքին մեծամասնութիւնը կը շարունակէ մնալ Սուրիոյ մէջ։
Անոր համաձայն, թէեւ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը ծանր է, բայց հայ համայնքը թիրախ չէ դարձած, հակառակ անոր որ սուրիահայութիւնը կորուստներ ունեցած է: «Հայ համայնքը շարունակում է մնալ Սիրիայում եւ պէտք է աջակցել նրանց», նշեց ան: Իսկ սուրիահայերուն հարցերու լուծման նպատակով Հայաստանի կառավարութեան ջանքերը, ըստ Մանոյեանի, բաւարար են:
«Դա Հայաստանում կատարուածի մասով: Ինչ վերաբերում է Սիրիայում բնակուողներին, եւս բաւական բաներ է արել մեր կառավարութիւնը: Բայց ամէն բան չէ, որ պէտք է ասել», հաստատեց Մանոյեան։