ԵՐԵՒԱՆ, «Ռիփորթ».- 28 Նոյեմբերին Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննէսեան հիւրընկալուած է Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Հեֆըրնի կողմէ: Անոնք քննարկած են Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան առնչուող խնդիրներ, որոնց կարգին անդրադարձ կատարուած է յառաջիկայ տարի տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն:
Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժնի ղեկավար Պրայըն Ռ. Ռորաֆը եւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան անդամ Յովսէփ Խուրշուդեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.