
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ կը պահպանուին մօտ 350 միլիոն փաստաթուղթեր, որոնց թուայնացումը կը շարունակէ առաջնահերթ մնալ պատասխանատուներուն համար: 28 Նոյեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեանը դիտել տուած է, որ իրենց ունեցած երկու ժամանակակից մեքենաներով կարելի կը դառնայ օրական դրութեամբ թուայանացնել մօտ 1000 թերթ: «Եթէ այս օրինաչափութեամբ մտածենք, ապա անհնար է մօտակայ տասը տարիների ընթացքում աւարտել այդ գործընթացը», յայտնած է ան:
Ամատունի Վիրաբեանը նաեւ յիշեցուցած է, որ արխիւային որեւէ փաստաթուղթ անպայման կը պահանջուի մէկու մը կողմէ: Հայաստանի մէջ հիմնականօրէն կը պահանջուին մարդոց նախնիներուն մասին տեղեկութիւններ պարունակող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող նիւթերը: «Մեր առջեւ չկայ խնդիր՝ երբ կ՛աւարտենք թուայնացումը: Պէտք է թուայնացնել այս պահին այն, ինչ պահանջարկ ունի, ինչը որ առաջնահերթ է: Այսպէս էլ մենք վարւում ենք», նշած է ան։
Ազգային արխիւի տնօրէնը հաստատած է, որ յաջորդ տարի պիտի աւարտի շարժապատկերներու թուայնացումը, իսկ յառաջիկայ հինգ տարիներուն ընթացքին՝ լուսանկարներունը: