
– Պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան ղեկավար Խալետ Մաշաալ Դեկտեմբեր 7ին Կազա այցելեց, երկար տարիներ աքսորեալ վիճակի մէջ ապրելէ ետք:
– Հունգարիոյ կառավարութիւնը յայտարարեց, թէ Դամասկոսէն հեռացուցած է հունգարական դեսպանատան ամբողջ անձնակազմը: Հունգարիա Եւրոմիութեան միակ երկիրն էր, որուն դեսպանութիւնը տակաւին կը գործէր Դամասկոսի մէջ։
– «Ֆայնենշըլ Թայմզ» կը հաղորդէ, թէ գերմանական «Ռէ.Վէ.Է.» ուժանիւթային ընկերութիւնը մտադիր է լքել «Նապուքօ» կազատարի նախագիծը: Կազատարը Ռուսիան շրջանցելով կազ պիտի մատակարարէ Եւրոմիութեան երկիրներուն։ Հաւասար (16.67 տոկոս) բաժնեմասերով ներկայիս նախագծին կը մասնակցին վեց ընկերութիւններ, ներառեալ թրքական «Պօթաշ»ը:
– Անգարա հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացիներուն թիւը հասած է 200,000ի՝ կոչ ընելով միջազգային կազմակերպութիւններուն, որ իրենց նպաստը բերեն գաղթականներու կարիքները հոգալու գործին: Սուրիացիներու համար հիմնուած են 13 վրանաքաղաքներ, իսկ Քիլիսի մէջ բացուած է 12,000 հոգիի համար ժամանակաւոր բնակարաններով գաղթավայր մը։ Ըստ Թուրքիոյ կառավարութեան՝ այս նպատակին համար անիկա ցարդ ծախսած է աւելի քան 400 միլիոն տոլար։
– «Սանտէյ Թայմզ» կը գրէ, որ Իրանի դէմ յարձակումի մը պարագային, Իսրայէլ Ատրպէյճանի մէջ տեղակայուած իր առանց օդաչուի օդանաւերը պիտի օգտագործէ: