ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 9 Դեկտեմբերին Փարիզի մէջ աւանդական խորհրդակցութիւն կատարած է Եւրոպական երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ հաւատարմագրուած Հայաստանի դեսպաններուն եւ մնայուն ներկայացուցիչներուն հետ։
Հանդիպման մասնակիցները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իրլանտայի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարինէ Ղազինեանի յիշատակը: Խօսելով Կարինէ Ղազինեանի մասին՝ նախարար Նալբանդեան նշած է, որ անոր մահը մեծ հարուած էր Հայաստանի դիւանագիտական մարզին համար, որովհետեւ Ղազինեան այդ իմաստով նուիրեալներէն էր։ «Մեծ է Կարինէ Ղազինեանի աւանդը Հայաստանի եւ եւրոպական մի շարք երկրների, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնների զարգացման գործում, նա բոլորի կողմից խորը յարգանք եւ մեծ համակրանք էր վայելում», շեշտած է նախարար Նալբանդեանը:
Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նախորդ տարուան Օգոստոսին կայացած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական աշխատակազմի եւ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարներու հանդիպման ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կողմէ տրուած յանձնարարականներու գործադրութեան եւ մէկ տարի առաջ կայացած դեսպաններու ժողովին քննարկման առարկայ դարձած ոլորտներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն:
Դեսպան Նալբանդեան դեսպաններուն ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական բնագաւառին մէջ տեղի ունեցած վերջին զարգացումները, անդրադարձած է արցախեան հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացին, Տուպլինի մէջ տեղի ունեցած ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին, մէկ շաբաթէն Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդին քննարկուելիք հարցերուն, Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւնները ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կայացնելու նպատակով ի գործ դրուած աշխատանքներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան յանձնարարականներ տուած է միջազգային կառոյցներուն մէջ ներգրաւուածութեան առաւել աշխուժացման եւ կազմակերպութիւններուն հետ համագործակցութեան խորացման, եւրոպական երկիրներու հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու աւելի զարգացման, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի ընդառաջ իրականցուելիք աշխատանքներուն վերաբերեալ:
Յատուկ կերպով շեշտը դրուած է դեսպանութիւններուն գործունէութեան տնտեսական բաղադրիչի, միջխորհրդարանական կապերու զարգացման, ապակեդրոնացեալ համագործակցութեան ընդլայնման, տեղեկատուական դաշտին մէջ աշխատանքներուն վրայ:
Կարեւոր նկատուած է դեսպանութիւններուն հիւպատոսական ծառայութիւններու մակարդակի, տարբեր երկիրներու մէջ Հայաստանի քաղաքացիներու շահերու պաշտպանութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումն ու բարելաւումը:
Դեսպանները ներկայացուցած են իրենց հաւատարմագրման երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ ընթացող գործընթացներն ու Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:
Բարձրաստիճան դիւանագէտներ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.