
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը, Թուրքիա կատարելիք իր այցելութեան նախօրեակին, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին տուած է հարցազրոյց մը, ուր, դիւանագիտական ճկուն լեզուով, ի միջի այլոց, հետեւեալը ըսած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին.
«Հայոց Ցեղասպանութիւնը նուրբ եւ դժուար հարց մըն է, որ յաճախ ամպոտած է մեր յարաբերութիւնները: Թուրքիոյ մէջ շատեր «Հայկական թէզ»ը պաշտպանելու մեղադրանքով կը քննադատեն Ֆրանսան, մինչ Ֆրանսայի մէջ ալ շատեր կը մտածեն, թէ Թուրքիա կը փորձէ նուազագոյնի իջեցնել կամ նոյնիսկ ուրանալ այն ողբերգութիւնը, որ պատահեցաւ ծագումով հայ մեր հայրենակիցներու նախահայրերուն: Բայց այսօր նշմարելի են փոփոխութիւններ: Պաշտօնակիցս՝ Ահմետ Տաւութօղլու, քաջալերելի յայտարարութիւններ ըրաւ: «Հայերը իրենց դէմ ունին իրենց լսելու պատրաստ մէկը», ըսաւ ան: Այդպիսով, արտաքին գործոց նախարարը չի պնդեր, որ ոչինչ պատահած է 1915ին:
Ինչ կը վերաբերի ինծի, ես գիտակից եմ Օսմանեան կայսրութեան՝ ջարդերով եւ տեղահանութիւններով լեցուն մասնատման շրջանէն Թուրքիոյ բաժին ինկած ցաւին: Այսուհանդերձ, կը կարծեմ, որ անատոլեան հողերէն հայկական քաղաքակրթութեան անհետացման փաստը արժանի է Թուրքիոյ կողմէ խորհրդածութեան. ատիկա անհրաժեշտ է դարմանելու համար 1915ի բաց վէրքերը:
Յոյս ունիմ, որ օր մը, ի մօտոյ, պիտի յանգինք խաղաղութեան, պատմութեան արդար ընթերցման: Միանգամայն, հարկ է, որ փորձենք ապրիլ՝ յարգելով զանազանութիւնը այն ժառանգութեան, որուն պաշտպաններն ենք»: