ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Սի.Էն.Էն.».- Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ Ճան Պէյնըր Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 20ին չկրցաւ իր կուսակիցները համոզել, որ նեցուկ կանգնին նոյնիսկ մէկ միլիոն տոլարէ աւելի եկամուտ ունեցողներու տուրքերը աւելցնելու առաջարկին. այնուհետեւ, քոնկրեսականները Կաղանդի արձակուրդի մեկնեցան ու միայն Դեկտեմբեր 27ին Ուաշինկթըն պիտի վերադառնան՝ փորձելով քանի մը օրերու ընթացքին լուծել ամավարկի տագնապը:
Իր կարգին, նախագահ Պարաք Օպամա խոստացած էր 250,000 տոլարի փոխարէն 400,000 տոլարի բարձրացնել եկամուտի այն սահմանը, որմէ աւելի գանձողները պէտք է յաւելեալ տուրք վճարեն յառաջիկայ տարուան ընթացքին:
Եթէ մինչեւ տարեվերջ համաձայնութիւն չգոյանայ, ապա նախագահ Ճորճ Պուշի օրերուն եւ Օպամայի իշխանութեան շրջանին շնորհուած տուրքերու կրճատումները պիտի ջնջուին, ինչ որ բոլոր քաղաքացիները պիտի դնէ յաւելեալ տուրքեր վճարելու պարտադրանքին տակ: Միաժամանակ, պետական գրեթէ բոլոր ծրագիրներէն կրճատումներ պիտի կատարուին՝ ըստ Քոնկրեսին ու Սպիտակ տան միջեւ գոյացած համաձայնութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.