Պետական եկամուտներու կոմիտէի (ՊԵԿ) նախագահը 28 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամփոփած է 2012 թուականին կատարուած աշխատանքները եւ մատնանշած 2013ի ուղենիշերը: 2012ին պետական եկամուտներու կոմիտէի հիմնական խնդիրը եղած է Հայաստանի պետական պիւտճէի ծրագրաւորուած ցուցանիշներու իրականացումը՝ զուգահեռաբար ապահովելով բարեփոխումներու ընթացքը: «Բիւջէով սահմանուած 875 միլիառ դրամ հարկեր, տուրքեր եւ վճարներ ցուցանիշը կատարուել է ամբողջութեամբ: 2011ի համեմատ հարկային եկամուտների եւ պետական տուրքի աճը կազմել է աւելի քան 12 տոկոս, իսկ պարտադիր սոցիալական ապահովութեան վճարների աճը՝ շուրջ 5.3 տոկոս», յայտնած է Գագիկ Խաչատրեանը:
Հարկային եկամուտներու աճը պայմանաւորուած է շարք մը գործօններով. 100 միլիառ դրամ լրացուցիչ հարկային եկամուտներէն շուրջ 15 միլիառ դրամը կարելի եղած է ապահովել նախորդ տարեվերջին կատարուած հարկային եւ մաքսային օրէնսդրական փոփոխութիւններու իբրեւ արդիւնք: Շուրջ 85 միլիառ դրամն ալ ապահովուած է տնտեսական աճով պայմանաւորուած գործօններու, ինչպէս նաեւ հարկային եւ մաքսային վարչարարութեան հաշուոյն:
Կոմիտէի ղեկավարին համաձայն, ըստ հարկ վճարողներու առանձին խումբերու կատարած վերլուծութեան, 2012ին հարկային եկամուտները ապահովուած են գլխաւորաբար մեծաքանակ հարկ վճարողներու հարկային տեսչութեան կողմէ հաշուառուած 436 հարկ վճարողներէ, որոնց վճարումները կազմած են ընդհանուր հարկային եկամուտներուն շուրջ 58 տոկոսը: Նախորդ տարուան հետ համեմատելով՝ անոնց կողմէ ապահովուած է 39 միլիառ դրամի յաւելեալ եկամուտ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.