Ատրպէյճանի իշխանութիւնները Ռուսիան կը մեղադրեն զանգուածային սայպըր (cyber – կիբեր) յարձակումներու մէջ:
Ատրպէյճանի Միլլի մեճլիսի արտաքին միջամտութեան դէմ պայքարի յանձնաժողովի նախագահ Ռամիտ Նամազով յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի մէջ ռուսական կառոյցներու` «Ռուսական տան» եւ «Սփութնիք»ի ատրպէյճանական ծառայութեան գործունէութիւններու արգելքին Ռուսիան պատասխանեց սայպըր յարձակումներով` թիրախ դարձնելով շարք մը ատրպէյճանական յառաջատար մամուլի հարթակներ:
«Դրդապատճառը 3 Փետրուարին «Ռուսական տան» փակումն է, որ չէր արձանագրուած իբրեւ իրաւաբանական անձ, եւ որուն գործունէութիւնը դադրեցուած էր իրաւական պահանջներու լուրջ խախտումներու պատճառով, ինչպէս նաեւ «Russia Today»ի (Sputnik) ներկայացուցչութիւնը Ատրպէյճաի մէջ, որուն լուծարման շուրջ բանակցութիւններ կ՛ընթանային: Ինքնին այս գործընթացներուն պատճառով տեղի ունեցաւ սայպըր միջամտութեան այս քաղաքական դրդապատճառներով միջադէպը», յայտարարեց Նամազով` վկայակոչելով «հետաքննութեան արդիւնքները»: