

Անցեալ Շաբաթ օր «Ասպարէզ» հրատարակեց (էջ 10) Ազգային առաջնորդարանէն ստացուած հաղորդագրութիւն մը՝ առաջնորդարանի լոյս ընծայած «Տէրունական Աղօթք»ի զանազան պատկերներու մասին՝ ի յիշատակ նուիրեալ ազգայիններու՝ Ալիս Աւագեանի, Ռոզա Պեքարեանի եւ Զուարթ Մովսիսեանի: Վրիպումով մը, որուն համար մեր ընթերցողներուն ներողամտութիւնը կը խնդրենք, Ալիս Աւագեանի եւ Զուարթ Մովսիսեանի յիշատակի «Աղօթք»ներու պատկերները սխալ վերնագիրներով ներկայացուած են: Այսօր կը ներկայացնենք զոյգ պատկերները՝ սրբագրուած վերնագիրներով: