
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայ իրաւաբանական միութեան ձմեռնային դաստիրակչական յատուկ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 18-19ի շաբաթավերջին, Լաս Վեկասի «Անքոր» պանդոկին մէջ:
Հաւաքին ընթացքին, վարչութեան ժողովին ու ընկերային խրախճանքներուն կողքին, փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան պիտի ներկայացնէ 1922ին տեղի ունեցած Իզմիրի հրկիզման պատմութիւնը, որուն զոհերն էին քաղաքի հայ ու յոյն համայնքները:
Իր կարգին, «Փալըսի Ֆորըմ Արմինիա» կազմակերպութենէն մասնագէտներ պիտի ներկայացնեն Հայաստանի մէջ վերջերս կատարած իրենց ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները, որոնք կը վերաբերին ընտրութեանց, կառավարման եւ քաղաքացիական նախաձեռնութեանց գործունէութեան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.armenianbar.com կայքը, կամ դիմել 818) 219-9628 թիւին: