ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Որքա՛ն ալ ուշ պառկիմ, հակառակ անգործութեանս՝ կանուխ արթնցող եմ: Առաւօտեան ժամը 7ին, ըստ սովորութեանս, կը բանամ հեռատեսիլի թիւ 4 կայանը՝ լսելու համար հաճելի ու ընդհանրապէս անհաճոյ լուրերը. արդէն իսկ սկսած էին խօսելու նախորդ երեկոյեան ու նոյն օրը առաւօտուն պատահած մանր-մունր երկրաշարժներու մասին, Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքին մէջ. մանր կ՛ըսեմ, որովհետեւ մենք վարժ ենք նման բաներու:
Թեթեւ նախաճաշէ մը ետք կինս ըսաւ, թէ այսօր Հինգշաբթի է, «Farmers market» կայ. «Եկուր քիչ մը օգնէ ինծի, գիտե՛ս, ձեռքերս կը ցաւին»: Ինչպէս կը տեսնեմ, ատեն-ատեն կը գանգատի այդ բանէն, բայց որոշ ժամանակներ ալ ուզածը հաճոյքով կը վերցնէ, կը տեղաւորէ՝ առանց գանգատի. կիները հասկնալ դժուար է:
Ամէն պարագայի, սիրով ընդունեցի, առաջին անգամ ըլլալով «Ֆարմըրզ մարքեթ» երթալու հրաւէրը: Լեղի սուրճէ մը ետք, ըսի՝ տեսնեմ դուրսի կացութիւնը ինչպէ՞ս է. անձրեւը անխղճօրէն կը տեղար ու շատ ցուրտ էր. ամիջապէս անդրադարձայ սխալ խոստումիս… իմ ինչի՞ս էր պէտք այդ տեսակ սխալներ գործելը… պրծելու համար այս սխալ որոշումէն, մտածեցի ձեւ մը գտնել համոզելու կինս, որ այս հարցը վաղուան մնայ: Հազիւ բերանս բացի ու սկսայ պատճառաբանելու անձրեւը, արդէն յարձակողականով մը ըսաւ. «Դուն այսպէս ես արդէն. ես քեզ լաւ գիտեմ…»: Ուրիշ ելք չունէի բացի խոստումս յարգելէ. ուստի ինկանք ճամբայ, բայց չեմ գիտեր ի՛ր բախտէն, թէ՝ իմ, կամաց-կամաց անձրեւը թեթեւցաւ ու արեւը սկսաւ ժպտալու մեզի:
Հազիւ հասանք առաջին կրպակը, տեսայ շատ գեղեցիկ խնձորներ. մօտէն զննեցի, շատ լաւ էին ու բուրումնաւէտ, ըսի՝ «Կնի՛կ, քիչ մը խնձոր առնենք», ըսաւ, որ անոնք համով չեն: Մարդ առանց համը առնելու ինչպէ՞ս կը վկայէ անհամ ըլլալը՝ չեմ հասկնար… բայց կնոջս որոշումն էր, պէ՛տք էր համակերպէի. մինչ այդ, կինս կորսուեցաւ հարիւրի մօտ կրպակներու մէջ, անկարելի էր իրեն հետեւիլ:
Աջ ու ձախ քիչ մը դառնալէ ետք տեսայ կրպակ մը, որ կարմիր նուռերով զարդարուած էր. մօտեցայ ու սկսայ դիտելու նուռերը. կրպակատէրը ժպիտով մը դիմաւորեց զիս, սկսաւ գովաբանելու իր նուռերը, ապա առաջարկեց գաւաթ մը նուռի հիւթ հրամցնել ինծի. ես մերժեցի՝ բացատրելով, որ շաքարի հարց ունիմ եւ այդ մէկը վնաս է ինծի. չեմ գիտեր՝ հաւատա՞ց, թէ ոչ, բայց ես անկեղծ էի: Ապա շարունակեց ըսելով, թէ 40 տարիէ ի վեր ինք հօրմէն ժառանգած նուռի պարտէզներ ունի, եւ շատ բան գիտէ նուռի մասին, բայց երբե՛ք հայրը իրեն չէ յիշած, թէ նուռի հիւթը մարդու շաքարը կը բարձրացնէ: «Քեզի հարցում մը ունիմ նուռի մասին. գիտե՞ս, թէ նուռին ծագումը ուրկէ կու գայ եւ իւրաքանչիւր նուռի մէջ քանի կուտ կայ», ըսի: Մարդուկը այլայլած երեսիս նայելով՝ ըսաւ. «Get out of here»… Ես ժպտեցայ, ապա շարունակեցի.
– Բարեկամ, քանի այս գործին մէջ ես, լսէ՛, թէ ի՛նչ կ՛ըսեմ:
Կրպակատէրը լրջացաւ եւ ըսաւ.
– Դուն կատակ չես ըներ, չէ՞:
– Ո՛չ, լուրջ եմ,- եւ սկսայ բացատրելու, թէ ես հայ եմ ու նուռը հայկական ծագում ու պատմութիւն ունի, հայկակա՛ն պտուղ է, եւ թէ մեծ կամ փոքր՝ նուռերը կ՛ունենան 365 կուտ:
– Հաշուա՞ծ ես:
– Այո՛, հաշուած եմ չորս հատ եւ ըստ հայկական աւանդութեան՝ պատմութիւնը այդ կ՛ըսէ:
Մարդուն խելքին պառկեցաւ թէ ոչ՝ չե՛մ գիտեր, բայց վստահ եմ, որ օր մը պիտի հաշուէ:
Հեռուէն շատ անուշ երգի իգական ձայն մը կու գար, յառաջացայ քիչ մը դէպի այդ կողմ, տեսնեմ 60ի շուրջ գնչու կին մը, կիթառը ձեռքին՝ սեղանին յառաջամասին զետեղած էր ելեկտրական համեստ սարքաւորում մը եւ աղքատախնամի պնակ մը, սպանական երգերով ու եղանակներով կ՛ապրէր ու կ՛ապրեցնէր շուկայի մարդիկը, այն աստիճան, որ գնումի եկած կին մըն ալ սկսաւ պարելու. ես ալ ընկղմեցայ անոնց մէջ, որովհետեւ ընդհանրապէս մեր երիտասարդութեան տարիներուն սիրուած ու ժողովրդականացած երգեր ու եղանակներ էին անոնք:
Յանկարծ միտքս ինկաւ, որ կինս պէտք է գտնեմ… աջ ու ձախ դիտելով՝ կը յառաջանամ քիչ մը եւս, ու ի՛նչ տեսնեմ… ծանօթ բարեկամ մը դէմս ելաւ ու զարմացած հարցուց. «Է՜, ընկեր Նուպար, դուն ի՞նչ կ՛ընես հոս», ըսի. «Ինչ ընեմ Զաւէն ջան, գործ չունիմ, բան չունիմ, կնոջս հաճոյք պատճառելու եւ գնումները շալկելու համար ընկերակցեցայ իրեն»: Ինք պատասխանեց. «Ընկեր Նուպար, այս շուկան ինծի պէս անգործ պարապ պտտողներու համար է, դուն գնա՛ գրելուդ նայէ»:
Հեռուէն նշմարեցի, որ կինս կու գար արդէն սիրամարգի հանդարտ քալուածքով, երկու ձեռքերուն մէյ մէկ ծանր տոպրակ շալկած, իւրաքանչիւր քայլափոխին աջ ու ձախ ծռելով: Հազիւ մօտեցայ ու կը փորձէի տոպրակները ձեռքէն առնել, արդէն դիտողութիւնները սկսան.
– Ո՞ւր էիր մինչեւ հիմա, կը հեռաձայնեմ ու չես պատասխաներ:
– Ա՛յ կնիկ, այս ժխորին մէջ հեռաձայնը ո՛վ կը լսէ. հապա դուն ինծի ըսէ՝ խնձոր գնեցի՞ր:
Պատասխանը եղաւ՝ ո՛չ:
– Բայց այդ կողմ գացի՞ր, որ ինծի համար խնձոր գնես:
– Վարդանին գացի, Վարդանն ալ այսօր խնձոր չէ բերած:
Հարցուցի Վարդանը ո՞վ է, ըսաւ՝ «Վարդանը չե՞ս գիտեր, շատ աղուոր երիտասարդ մըն է, ամէն մարդ գիտէ զինք, Ֆրեզնոյէն է»:
– Ամուսնացա՞ծ է:
– Կարծեմ ամուրի է:
– Ուրեմն Թորոսին աղջկան ծանօթացնենք զինք:
Լաւ տրամադրութիւններով հասանք տուն. դռան սեմին հանդիպեցայ մեր նամակաբաշխին, որ իր սովորական ժպիտով դիմաւորելէ ետք զիս, երկարեց օրուան պահարաններն ու «Ասպարէզ»ները՝ ըսելով, թէ այսօրը բախտաւոր օր է ինծի համար… երեք հատ «Ասպարէզ» ունիմ: «Ասպարէզ»ի անկանոն կերպով հասնելուն համար յաճախ կը գանգատէի իրեն, որովհետեւ գիտեմ, որ թերթը տպուած օրն իսկ տպարանէն ուղղակի կ՛ուղղուի նամակատան կեդրոն. ուշացումի մնացած պատճառը նամակատան ու ցրուիչներուն ապիկարութիւնն է:
Հազիւ տուն հասած՝ խնդրեցի կնոջս, որ աղուոր լեղի սուրճ մը եփէ ինծի համար. մինչ սուրճս հասնի, սկսայ թղթատելու նոր թերթերը. ի՛նչ կը կարդայի, ուղեղս բան չէր մտներ, միտքս տակաւին զբաղած էր նուռերով ու նուռ ծախողով: Սուրճս մոռցեր էի. կինս յիշեցուց, թէ սուրճս կը պաղի. արդէն իսկ պաղած էր՝ ե՛ւ սուրճս ե՛ւ ես: Հարիւր տոկոս համոզուած չէի նուռ ծախողին տուած քարոզովս:
Գիշերը բարեկամիս՝ Յակոբենց, գացինք ընթրիքի. նկատեցի, որ սեղանին մէկ անկիւնը մեծկակ նուռեր կային, եւ ըսի. «Հարցնեմ, Յակոբ, դուն խելացի կարդացած մարդ ես, ի՞նչ կը կարծես, այս նուռերուն մէջ քանի հատիկ կայ»: «Ես չեմ հաշուած, բայց մեր աւանդութիւնը կ՛ըսէ, թէ 365ի շուրջ է», ըսաւ:
Որոշեցինք հաշուել մեծ նուռ մը… արդիւնքը ապշեցուցիչ էր՝ շուրջ 550 հատիկ:
Ես Մայիսին Հայաստան էի. նուռի մասին երբ կը խօսէինք հայաստանցի բարեկամներու հետ, կը պնդէին նոյնը, թէ նուռը 365 կուտ ունի եւ նուռը հայկական պտուղ է: Սան Ֆրանսիսքօ վերադառնալէս ետք, փորձեցի հաշուել չորս նուռեր՝ միջակ չափի, ու պատկերը նոյնն էր՝ 364էն 366ի միջեւ կը տարբուերէին, բայց Յակոբին նուռը յեղաշրջեց կացութիւնը. պէտք էր հանրագիտարանը վկայութեան կանչել:
Ըստ հանրագիտարանին՝ նուռը խորհրդանիշն է Հայաստանին, խորհրդանիշ է նաեւ բարօրութեան, առատութեան եւ հարսանիքի: Համաձայն հինէն ընդունուած սովորութեան մը՝ Հայաստանի մէջ հարսանիքի ժամանակ, հարսին կու տային նուռ մը, զոր պատին զարնելով պէտք է ջարդէ. ջարդուած նուռը կ՛երաշխաւորէ զաւակներ ունենալու ապահովութիւնը: Ըստ արցախեան պատմական սովորութեան մը՝ նուռ մը կը դնէին հարսին ու փեսային քովը, առաջին գիշերը…:
Պէտք է ըսել, որ հանրագիտարանը բաւական լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարած էր նուռի մասին, մանաւանդ՝ հատիկներու հարցին: Ըստ միջազգային վերջին գիտական ուսումնասիրութիւններու՝ քննուած են վեց երկիրներու՝ ԱՄՆի, Սինկափուրի, Իրանի, Սպանիոյ, Թուրքիոյ եւ Պրազիլի նուռեր: Փորձուած են 206 նուռեր, ամենաթեթեւը՝ 145 կրամ, ամենածանրը՝ 1065 կրամ, իսկ միջինը՝ 420 կրամ: Հատիկով՝ ամենաքիչը 165 հատիկ ունի, ամենաշատը՝ 1370 հատիկ, միջինը՝ 613 հատիկ:
Եզրակացութիւն. 365 հատիկ ունեցող նուռը 230 կրամ պէտք է կշռէ: