
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Յունուար 4ին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ընկերակցութեամբ Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեանի եւ քահանայութեան թեկնածու Սարգիս սրկ. Էյլէնճեանի, «Կլենտէյլ Էտվենթիսթ» հիւանդանոց այցելեց եւ հիւանդանոցի տնօրէն Քեւըն Ռապըրցի, պատասխանատու բժիշկներու եւ պաշտօնէութեան ներկայութեան կատարեց æրօրհնէք եւ հացի օրհնութիւն: Սրբազան հայրը խօսեցաւ Ս. Մկրտութեան մասին եւ իր գնահատանքը յայտնեց հիւանդանոցի ղեկավարութեան: Ան նաեւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր Տարին եւ Սուրբ Ծնունդը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:
Արարողութեան աւարտին բժշկական անձնակազմի ղեկավար տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեանը հիւանդանոցին անունով իր երախտագիտութիւնը յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ անոր այցելութեան եւ Սուրբ Ծննդեան Տօնին առթիւ կատարած Ջրօրհնէքի արարողութեան համար:
Այցելութեան աւարտին սրբազան հայրը կատարեց հիւանդներու այցելութիւն: