
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Յունուար 24էն 27ի միջեւ կայանալիք արուեստի գործերու հեղինակաւոր ցուցահանդէսին՝ «Էլ.Էյ. Արթ Շօ-2013»ին, իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ հայազգի արուեստագէտ Էմիլ Գազազը (Էմանուէլ Ղազազեան):
Գազազի գործերը պիտի ցուցադրուին Հարաւային ցուցադրասրահի թիւ 344-445 խցիկներուն մէջ:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (310) 405-3383 թիւին կամ KazazGallery@live.com հասցէին: