ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի «Դուին» պանդոկը պիտի վերակառուցուի մինչեւ 2016 թուական: Այս մասին 15 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը: «Նախորդ պայմանագրում տոյժ եւ տուգանքների տողն ամբողջութեամբ բացակայում էր, դրա համար էլ գնորդը շատ հանգիստ ներդրումներ չէր կատարում», յայտնած է Սահակեան:
Սահակեանի համաձայն, գնորդը հաստատած է, որ համաձայն է նոր պայմանագիրին, որով կը նախատեսուի կառավարութեան կարելիութիւն տալ գնորդին ստանձնած պարտաւորութիւնները չկատարելու պարագային վաճառել պանդոկը՝ գնահատուած արժէքին 20 տոկոսով: Սահակեանի համաձայն, պանդոկը գնողին հետ գոյացած նախորդ պայմանագիրը այնքան ալ «պետութեան օգտին չէր»:
2003 թուականին «Դուին» պանդոկը 3 միլիոն տոլարի վաճառուած է «Կովկասեան կոմունիկացիոն խումբ» ընկերութեան, որուն սեփականատէրերէն մէկը, ըստ մամուլին մէջ շրջան ընող լուրերուն, ռուսական էսթրատայի նշանաւոր աստղ Իոսիֆ Քոպզոնն է: Գնորդը խոստացած էր 5 տարուան ընթացքին կառուցել 5 աստղանի պանդոկ՝ ներդրելով առնուազն 30 միլիոն տոլար, սակայն մինչեւ օրս որեւէ լուրջ ներդրում չէ կատարուած:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.