
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութեան հերթական նիստին ընթացքին թոյլատուութիւն տրուած է Հայաստանի պետական գոյքի կառավարման վարչութեան՝ Երեւան քաղաքի Միկոյեան 18 հասցէին վրայ գտնուող շարժական եւ անշարժ գոյքերը՝ շէնքեր, կայաններ, տաղաւարներ, ջրատար եւ կոյուղիի ցանց, ամբարձիչներ եւ այլն, 35 տարուան ժամկէտով վարձու տալ «MED A. KGmbH» ընկերութեան: Այս որոշումով ճշդուած է, որ նշեալ գոյքի տարեկան վարձքը՝ յառաջիկայ եօթը տարուան համար արժէ մէկ միլիոն դրամ, որ պիտի դրուի Հայաստանի պետական պիւտճէին մէջ: Վարձակալը պարտաւոր է վարձու տարածքին մէջ, ներկայացուած գործարար ծրագիրին համաձայն, կազմակերպել մեծ հանրակառքերու (պասերու) արտադրութիւն՝ եօթը տարուան ընթացքին ներդնելով եօթը միլիոն տոլարին համարժէք դրամ՝ իւրաքանչիւր տարի հաւասարաչափ: