
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ Հալէպի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած պայթումին պատճառով արձանագրուած վիրաւորներուն մէջ հայ մը կայ։ Ան աւելցուցած է, որ վիրաւորը ներկայիս հիւանդանոցը կը գտնուին. ան ուսանող չէ, այլ աշխատանքի վայրին պայթումին մօտ ըլլալուն պատճառով վիրաւորուած է։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեանին համաձայն, ռմբակոծումի իբրեւ հետեւանք ծանրօրէն վիրաւորուած է Սարգիս Պետրոսը: