Հայկական նռան գինին մեծ պահանջ կը վայելէ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի հայկական Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: Հայկական գինիին նկատմամբ հետաքրքրութիւնը աւելցած է նախորդ տարի՝ Պէյրութի մէջ կայացած խոհարարական փառատօնի օրերուն:
Հայաստան աշխարհի հնագոյն գինեգործական երկիրներէն մէկն է, սակայն նուռը յատուկ նշանակութիւն ունի հայկական մշակոյթին մէջ: Պէյրութի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն, «Պատկեր» կեդրոնի հիմնադիր Արփի Մանկասարեան ըսաւ, որ նուռը կը խորհրդանշէ ընտանիք, համերաշխութիւն, հանրութիւն, որ կը միաւորէ, իսկ կարմիր գոյնը երջանկութեան խորհրդանիշն է: Արփի Մանկասարեան հայկական գինին կը ներկայացնէ խոհարարական փառատօնին ընթացքին:
Լիբանանեան գինեգործներու համաձայն, նռան գինին վերածնունդ կ՛ապրի միջազգային շուկային մէջ: Միացեալ Նահանգներու մէջ նռան գինիի պահանջքը աւելցած է, որովհետեւ հայաստանեան նռան գինին շատ համեղ է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.