
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան Սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառային դպրոցը այս տարուընէ սկսեալ պիտի իրականացնէ հինգ ուղղութիւն ունեցող ծրագիր, պիտի կատարելագործէ դասաւանդման մեթոտիքան, պիտի ընդլայնէ թեմատիք ընդգրկումը, մասնակիցներուն թիւն ու աշխարհագրութիւնը: 17 Յունուարին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս տեղեկութիւնը փոխանցած է նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Ատոմ Մխիթարեանը: «Սփիւռք» ամառային դպրոցը հիմնուած է 2012ին՝ Երեւանի պետական համալսարանին հետ համագործակցաբար։
Նախատեսուած 70 մասնակիցներու փոխարէն «Սփիւռք» ամառային դպրոցը 2012ին ընդունած է 131 սփիւռքահայ՝ 20 երկիրներէ: Այս տարի կը նախատեսուի, որ մասնակցողներուն թիւը աւելնայ։ «Հայաստանում «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի գործունէութեան ապահովումը, հայապահպանութիւնը խթանելու նպատակով Սփիւռքի հայկական կառոյցների ներկայացուցիչների մասնագիտական որակների բարձրացումը 2013 թուականին Հայաստանի կառավարութեան գործունէութեան գերակայ ուղղութիւններից է», յայտնած է Մխիթարեան։ Անոր համաձայն, արդէն իսկ հաստատուած է այս տարուան «Սփիւռք» ամառնային դպրոցին ժամանակացոյցը: «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցման 4 շաբաթ տեւողութեամբ ծրագիրը կ՛անցկացուի Յուլիսի 8ից Օգոստոսի 2ը, ուսուցիչների վերապատրաստման երեքշաբաթեայ դասընթացը՝ Յուլիսի 15ից Օգոստոսի 2-ը, երիտասարդ առաջնորդների դպրոց եւ Սփիւռքահայ լրագրողների դասընթաց ուղղութիւններնիրենց երկշաբաթեայ աշխատանքները կ՛իրականացնեն Յուլիսի 22ից Օգոստոսի 2ը: Ազգային երգի ու պարի դասընթացը կը լինի Յուլիսի 24ից Օգոստոսի 2ը», տեղեկացուցած է ան:
Վարչութեան պետը ընդգծած է, որ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցը էապէս կը տարբերի դարձեալ նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արի տուն» ծրագիրէն, որ հայրենաճանաչութեան ծրագիր է, եւ որուն մասնակիցներու տարիքը սահմանափակուած է պատանիներով, մինչեւ 20 տարեկան: «Սփիւռք» ամառային դպրոցն արդէն համայնքային կեանքում ներգրաւուած մասնակիցների՝ որպէս մասնագէտներ վերապատրաստման գործընթաց է, նաեւ նախարարութեան հետ համագործակցութեան խրախուսման միջոց», նշած է Մխիթարեան՝ նկատել տալով, որ այս պարագային եւս փորձ կը կատարուի ընտրել հիմնականին մէջ երիտասարդ՝ 20-30 տարեկան մասնակիցներ: Ան յայտնած է, որ վերջիններս յաճախ հանդէս կու գան համարձակ ծրագիրներով: Մխիթարեան յատուկ կերպով յիշած է հայ մշակոյթի քարոզչութեան նպատակով «մշակութային քարաւան»ի ձեռնարկումը, որով մասնակիցները պիտի կարենան հանրահռչակել հայկական մշակոյթը:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման խթանման, համահայկական ծրագիրներուն անհատներու, հայկական կազմակերպութիւններու մասնակցութեան ծիրի ընդլայնման, սփիւռքի համար մասնագէտներու պատրաստութեան եւ վերապատրաստման նպատակով Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը 2011 թուականէն կ՛իրականացնէ դասընթացներ երկու ուղղութեամբ. արդարեւ, երիտասարդ առաջնորդներու եւ լրագրողներու ամառնային դպրոցներուն մասնակցած են շուրջ 50 սփիւռքահայեր: