ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու շարքերուն մէջ նախորդ տարի արձանագրուած է մահացողներու թիւի զգալի նուազում: 17 Յունուարին լրագրողներուն հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Հայաստանի գլխաւոր դատախազի տեղակալ, զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանը: Ան նշած է, որ 2012ին արձանագրուած է զինուորական ծառայութիւն կատարելու ընթացքին մահերու 29 պարագան, որմէ 9ին պատասխանատուն հակառակորդն էր։ «Զինուած ուժերում յանցագործութիւնների նուազումը ոչ միայն դրանց կանխարգելման, այլեւ ռիսկերի նուազեցմանն ուղղուած մեր գործողութիւնների արդիւնքն է», յայտնած է Կոստանեանը:
Անոր համաձայն, զինուորական ծառայութիւն կատարելու կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները նուազած են 26.7 տոկոսով, յատուկ ծառայութիւններու գործադրութեան կարգի դէմ յանցագործութիւնները նուազած են 24.1 տոկոսով: Բոլոր խումբի զինուորական յանցագործութիւններու առումով արձանագրուած է թիւի զգալի նուազում:
Կոստանեան դիտել տուած է, որ բոլոր գործողութիւններու պարագային իրենք իբրեւ հիմք նկատի կ՛ունենան օրէնքը, որուն առջեւ բոլորը հաւասար է, իսկ որեւէ իրաւական խախտման պարագային յանցանքին համար կը պատժուին նաեւ սպայական անձնակազմի ներկայացուցիչները:
2012ին կատարուած նախաձեռնութիւններու կարգին, ի շարս ուրիշներու, Կոստանեան առանձնացուցած է 2011 Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերէն Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին եւ զինուորական դատախազին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցող՝ «Հայաստանի զինուած ուժերի Կարգապահական կանոնագրքի եւ Հայաստանի Քրէական օրէնսգրքի զինուորական ծառայութեան կարգի դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների գլխում փոփոխութիւններ կատարելու գործընթացը»: Հայաստանի զինուորական դատախազը վստահեցուցած է, որ պաշտպանութեան նախարարութեան քննչական ծառայութեան, Ռազմական ոստիկանութեան եւ այլ համապատասխան ստորաբաժանումներու հետ գործակցելով՝ 2013ին եւս պիտի շարունակէ յանցագործութիւններու կանխարգելման, բացայայտման եւ յանցագործութիւն կատարած իւրաքանչիւր անձի համարժէք քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու ուղղութեամբ իրականացուող գործընթացը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.