ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը 500 միլիոն դրամ յատկացուցած է Հայաստանի ոստիկանութեան ու ազգային անվտանգութեան ծառայութեան՝ 2013ի առաջին կիսամեակին բնակարաններ գնելու նպատակով: Որոշումը ընդունուած է 16 Յունուարի նիստին ընթացքին։
Գումարները պիտի յատկացուին Հայաստանի կառավարութեան պահեստային ֆոնտէն։ 142 միլիոն դրամ պիտի տրուի ԱԱԾին, 260 միլիոն դրամ՝ ոստիկանութեան, 96 միլիոն դրամ՝ ԱԱԾի պետական պահպանման ծառայութեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.