
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու մարզերուն մէջ յատկանշական բարեկարգումներ տեղի ունեցած են՝ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու նորընտիր՝ 113րդ Քոնկրեսին, որ Հայաստանի տրամադրուող տնտեսական օժանդակութիւններուն կողքին, զարգացնէ նաեւ Հայաստանի հետ առեւտուրն ու Հայաստանի մէջ տնտեսական ներդրումները:
Հայ Դատին կողմէ քոնկրեսականներուն յղուած նամակներուն մէջ մատնանշուած են հետեւեալ կէտերը.
– Համաշխարհային դրամատան պատրաստած եւ 2013 տարուան առնչուող գործարարական ուսումնասիրութեան մէջ, Հայաստան 32րդ դասուած է համաշխարհային այն ցանկին վրայ, որ երկիրները կը դասաւորէ ընկերութեանց շնորհուող դիւրութիւններուն համեմատ: Նաեւ, Հայաստան 11րդ դասուած է նոր ընկերութիւններու հաստատման ամենալաւ պայմանները ստեղծող երկիրներու ցանկին վրայ, իսկ եւրոպական երկիրներու մէջ՝ 17րդը՝ առաջ անցնելով Պելճիքայի, Սպանիոյ եւ Ֆրանսայի նման երկիրներէ:
– Համաշխարհային առեւտուրին նուիրուած Համաշխարհային առեւտուրի համախմբումին կողմէ կատարուած 2012ի տուեալներու ուսումնասիրութեանց համաձայն՝ Հայաստան 13րդ դասուած է այն երկիրներու շարքին, որոնք իրենց շուկաներուն հասանելիութիւնը կը դիւրացնեն:
– «Փրայս Ուոթըրհաուս Քուփըր» հիմնարկը Հայաստանի մասին իր նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ նշած է, թէ «Հայաստան կը քաջալերէ օտար ընկերութեանց եւ երկիրներու հետ առեւտուրն ու ներդրումները, եւ կարելի է ըսել, թէ Հայաստանի մէջ ընկերութիւններ հաստատելն ու անոնց գործունէութիւնը ապահովելը դիւրին է»:
– «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ» հիմնարկը առաւելագոյն 100ի վրայ 97 նիշ տուած է Հայաստանին, առեւտուրի եւ այլ նոր ընկերութիւններ հաստատելու նպատակով ընծայուած դիւրութեանց գետնին վրայ, եւ 91 կէտ՝ օրէնքներու որակին համար:
– «Ֆրիտըմ Հաուս»ը իր նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ Հայաստան 5րդ կարգի բարձրացուցած է՝ քաղաքական իրաւանց տեսանկիւնէն:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ նշած է, թէ Հայաստան Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր գործակից մըն է ապահովական մարզէն ներս՝ նպաստելով Իրաքի, Աֆղանիստանի ու Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող ամերիկեան եւ ՆԱԹՕի գործողութիւններուն:
Նաեւ, Հայ Դատը վերջերս, Հայաստանի մէջ ամերիկեան առեւտուրի գրասենեակին ու «Մայքրոսոֆթ»ի, «ՖետԷքս»ի ու «Նեզտեք»ի նման ընկերութեանց հետ միատեղ, կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան, որ արագացնէ Հայաստանի հետ առեւտուրի եւ ներդրումներու համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւնները՝ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրին ու ներդրումներուն համար աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու նպատակով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը յոյս ունի, որ նախագահ Պարաք Օպամա, իր երկրորդ նստաշրջանին ընթացքին, պիտի յարգէ Հայաստան-Ամերիկա տնտեսական կապերը սերտացնելու կապակցութեամբ իր տուած խոստումը:
Հայաստանի տրամադրուող տնտեսական օժանդակութեանց գծով, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը շեշտէ, թէ այդ օժանդակութեանց գումարը 2003ին հասած էր 174 միլիոն տոլարի, սակայն այդ թուականէն ետք՝ շարունաբար անկում արձանագրած է: Երբ Օպամա իշխանութեան գլուխ անցաւ, օժանդակութեանց գումարը 60 միլիոն տոլարի շուրջ էր, եւ հակառակ այն իրողութեան, որ ան խոստացած էր պահպանել օժանդակութեանց այդ մակարդակը, Օպամա շարունակաբար առաջարկեց կրճատել զայն՝ հասցնելով 45 միլիոն տոլարի:
Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ակնկալէ, որ օժանդակութեան գումարը առնուազն 50 միլիոն տոլարի բարձրանայ 2014ի պետական ամավարկին մէջ, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթներուն պիտի առաջադրուի նախագահին կողմէ: