
ՊԱՔՈՒ, ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Ուրբաթ, Յունուար 18ին վաւերացուց «Ատրպէյճանի օդային տարածքի օգտագործման օրէնք»ի փոփոխութեան ենթարկուած տարբերակը, որ արտօնութիւն կու տայ զինուորական ուժերուն զգետնելու «արգիլեալ գօտի»ներէն ներս թռիչք կատարող այն օդանաւերը, որոնք կը մերժեն անմիջապէս վայրէջք կատարելու կամ նշեալ գօտիէն հեռանալու հրահանգը, «եթէ յստակ տեղեկութիւն չկայ այն մասին, որ օդանաւին մէջ անմեղ քաղաքացիներ կան»:
Ատրպէյճան նման գօտի մը կը նկատէ Արցախը, իսկ նոր օրէնքին գլխաւոր թիրախն է Ստեփանակերտի օդակայանը:
Հակադարձելով այս օրէնքի վաւերացման՝ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը յայտարարեց, թէ Հայաստանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը պատրաստ են երաշխաւորելու Ստեփանակերտի օդակայանին ապահովութիւնը:
Անդրադառնալով Ստեփանակերտի օդակայանի օգտագործման առնչութեամբ ատրպէյճանական կողմէն շարունակուող սպառնալիքներուն՝ Օհանեան ըսաւ. «Ստեփանակերտի օդանաւակայանից առաջին թռիչքի իրականացման ընթացքում, Հայաստանի Զինուած ուժերի հակաօդային պաշտպանութեան եւ օդային ուժերը կ՛ապահովեն քաղաքացիական ինքնաթիռի գործողութիւնը եւ թռիչքը»:
Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ 2008ին սկսաւ նոր ու գլխաւոր մասնաշէնքի կառուցումը. այս միջոցին լայնացուած է նաեւ թռիչքուղին եւ հարթեցուած են անոր յարակից քանի մը բլուրներու գագաթները, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ժամանակակից օդանաւերու ընդունումը: Ստեփանակերտի օդակայանի վերակառուցման օրերէն իսկ, Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կը սպառնան հարուածել զայն օգտագործող քաղաքացիական օդանաւերը: Սպառնալիքները կը շարունակուին, հակառակ միջազգային հանրութեան կողմէ հնչած դատապարտումներուն: