
ՄԱՐԻԷԹ ՄԻՆԱՍԵԱՆ-ՕՀԱՆԷՍ
Վեց տարիներ անցան Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագիր Հրանդ Տինքի մահէն եւ տակաւին կը կրենք ճշմարտախօս այս հերոսին սպանութեան խոր վիշտի ծանր լուծը… ազատութեան խօսքի այս նահատակը, որ ջանաց ապահովել փայլուն ապագայ մը հայ ժողովուրդին՝ խրախուսելով թուրք ժողովուրդը իրազեկ ըլլալու իր անցեալի որոշ ճշմարտութիւններուն մասին:
Կիրակի, Յունուար 13, 2013ին, Պոլսահայ միութեան «Գրիգոր եւ Աւետ Քիւրքչիւօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ մը, որուն ներկայ էին Շնորհք Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեան, «The Armenian Observer» շաբաթաթերթի հրատարակիչ եւ տնօրէն փրոֆ. Օշին Քէշիշեան, Հայ իրաւաբաններու կաճառի նախագահ Կարօ Ղազարեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՍԴՀԿի ներկայացուցիչ՝ «Մասիս» շաբաթաթերթի խմբագիր Գաբրիէլ Մոլոյեան, մամլոյ եւ մշակութային քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Հրանդի յիշատակը յարգող մեծ թիւով ներկաներ:
Բացման խօսքը կատարեց Պոլսահայ միութեան հոգաբարձու եւ մշակութային յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Յովհաննէս Գուլակ Աւետիքեան, որ ներկաները ողջունելէ ետք խնդրեց վայրկեան մը յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցել Մեծ Եղեռնի մէկուկէս միլիոն նահատակներու եւ Հրանդի յիշատակին:

Տոքթ. Աւետիքեան, խօսեցաւ Հրանդ Տինքի՝ հայութեան գոյապահպանման համար զոհուած ըլլալուն, այժմ ազատօրէն ապրող յելուզակներուն եւ պետական պաշտօնեաներու անհեթեթ վարձատրութեան մասին. այն պաշտօնեաները, որոնք սպանութիւնը գործադրել տուին անչափահաս պատանիի մը: Աւետիքեան շեշտեց, թէ մշակոյթով է, որ պիտի կարենանք ապահովել մեր հայկական գոյութիւնը: Ան իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Միութեան հոգաբարձութեան, Գործադիր մարմինի վարչութեան ատենապետ եւ վարչական անդամներուն, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր՝ օրուան հանդիսավար Աբօ Պողիկեանին, տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանին եւ Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբի վարիչ Մելիք Կաւրիլոֆին, որ ձեռնադաշնակով ընկերացաւ իր դստեր՝ Իրէն Կաւրիլոֆի երգեցողութեան:
Տոքթ. Աւետիքեան նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան փոխատենապետ Րաֆֆի Մարուքեանին եւ կողակիցին՝ Գործադիր մարմինի վարչութեան հայերէնի ատենադպրուհի Էրլին Մարուքեանին, որոնք ընդունելութեան հիւրասիրութիւնը ստանձնած էին, ինչպէս նաեւ՝ ձեռնարկը համադրող գանձապահ Յակոբ Հալըճըին, տիկնանց եւ ընկերային ձեռնարկներու յանձնախումբէն՝ օրուան հրուշակը պատրաստող տիկիններ Մայրենի Չամին եւ Պայծառ Այնէճեանին, Միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան-Օհանէսին, մշակութային յանձնախումբի փոխատենապետ Կարպիս Սարաֆեանին, սրահի պատասխանատու Սարգիս Սալկընին եւ օրուան բանախօս՝ երիտասարդ մտաւորական Խաչիկ Մուրատեանին: Ապա ընթերցեց ձեռնարկի հանդիսավար՝ «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պողիկեանի հակիրճ կենսագրականը եւ բեմ հրաւիրեց զայն:
Աբօ Պողիկեան իր խօսքին մէջ բացատրեց, թէ վերջին տարիներուն բազմացած է թուրք մտաւորական շրջանակներուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հանդէպ նոր մօտեցում եւ եռանդ ցուցաբերող մտաւորականներուն թիւը, բան մը, որ զգալի թափ առաւ Հրանդ Տինքի գործունէութեամբ, փիլիսոփայութեամբ ու նահատակութեամբ: Ըստ անոր՝ Տինքի երեւոյթը տակաւին շատ կանուխ է ամբողջութեամբ արժեւորելու, որովհետեւ այդ հիմնական փոփոխութիւնը, զոր ան բացաւ մեր դիմաց, տակաւին չենք կրցած լրիւ ընկալել:
Պողիկեան ընթերցեց Մելիք եւ Իրէն Կաւրիլոֆի, ինչպէս նաեւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանի կարճ կենսագրականները եւ հրաւիրեց զանոնք ներկայացնելու «Սարի աղջիկ»ը, «Պինկէօլ»ը եւ «Ատանայի ողբը»:
Պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ երգչուհի Լուսիա Մունի «Տէր Զօր» երգը, որմէ ետք, ներկայացնելով կենսագրականը՝ հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Պոլսահայ միութեան հոգաբարձութեան ատենապետ եւ Հայ իրաւաբաններու կաճառի նախկին ատենապետ իրաւաբան Էտուին Մինասեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Այսօր մենք դարձեալ հաւաքուած ենք մեր յարգանքի տուրքը մատուցանելու լաւ անձի մը, լաւ հայորդիի մը, որ երազեց… խօսեցաւ յստակ իրականութիւններ՝ երկարօրէն անտեսուած եւ ուրացումի ենթարկուած հակամարդկային ոճիրի մը: Հրանդ մեզի նման անձ մըն էր, որ իր կեանքը նուիրեց ճշմարտութեան եւ սիրոյ համար մղուած պայքարի մը՝ որուն ինք կը հաւատար»: Իրաւաբան Մինասեան շեշտեց, թէ պէտք է տեսնենք այն փոքր քայլերը, զորս նոր Թուրքիան դժկամութեամբ կ՛առնէ… կ՛ուզենք, որ Թուրքիան բանայ սահմանները առանց պայմանի… ինչպէս ըսաւ Հրանդը՝ «Ես կը հաւատամ, որ կրնանք հոն հասնիլ աւելի ժողովրդավարական եւ աւելի գիտակից Թուրքիայով, որուն համար ուրիշ նախընտրութիւն չկայ»:
Մինասեան իր շնորհակալութիւնները յայտնեց մշակութային յանձնախումբի ատենապետին, Գործադիր մարմինի վարչութեան ատենապետ Գուրգէն Պերքշանլարին, որ այդ օրը կարեւոր գործի մը բերումով քաղաքէն դուրս կը գտնուէր, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ատենապետ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեանին, ՍԴՀԿի ներկայացուցիչ Գաբրիէլ Մոլոյեանին եւ փրոֆ. Օշին Քէշիշեանին: Ապա բեմ հրաւիրեց Հայ իրաւաբաններու կաճառի նախագահ Կարօ Ղազարեանը, որ ազդեցիկ ձեւով նկարագրեց Հրանդ Տինքի խիզախ արտայայտութիւններն ու մօտեցումը՝ անոր ապրած կեանքին հետեւանքը որակելով «իմացեալ», որ հետեւաբար՝ հանոր մուտքը՝ «անմահութիւն էր»: Ան մաղթեց, որ վառ մնան Հրանդի խօսքերը եւ յորդորեց՝ ըսելով. «Մեզմէ իւրաքանչիւրը, որ ինքզինք հայ կը կոչէ, պարտի ըլլալ հաւատարիմ հայ ազգի յիշատակին, Հրանդ Տինքի յիշատակին՝ չմոռնալով, որ տարիներ անցնելէ ետք, աւելի՛ ուժեղացած ազգ մը ըլլալով պիտի շարունակենք մեր պայքարը, մինչեւ որ մեր նահատակները հանգիստ ննջեն, մինչեւ որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցուի, մինչեւ Ապրիլ 24, ոչ միայն տարուէ տարի, այլ՝ օրէ օր»:
Դարձեալ բեմ բարձրացաւ տուտուկահար Ալպըրթ Վարդանեանը եւ նուագեց «Տըլէ Եաման»ը: Հանդիսավարը ընթերցեց օրուան գլխաւոր բանախօս՝ Պոսթընի «The Armenian Weekly» շաբաթաթերթի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեանի

կենսագրականը՝ ծանօթացնելով զայն իբրեւ հասարակական գործիչ, թուրք եւ քիւրտ մտաւորական շրջանակներու հետ գործակցութիւն ապահոված եւ կամուրջ ստեղծող անձ մը, որ նաեւ մասնակցած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Տէր Զօրի մէջ հայութեան ոչնչացման մասին քննարկումներու:
Խաչիկ Մուրատեան իր գոհունակութիւնը յայտնեց սոյն ձեռնարկին ներկայ ըլլալուն համար, ապա սկսաւ իր խօսքը՝ բացատրութիւններ տալով Պատմական Հայաստանի իրականութեան մասին եւ ջանալով զայն զետեղել մեր հասկացողութեան մէջ՝ երեք տարածութիւններ ի մի բերելով.
Ա. Հողը
Բ. Մշակութային ներկայացումը
Գ. Թաքուն հայերու իրականութիւնը
Մուրատեան շեշտեց, թէ հողը, մարդը, քարը, կառոյցն ու կոթողը կապ ունին իրենց շրջապատին եւ այդ տարածաշրջանի մարդուն հետ: Հայաստանի գոյութիւնը հայկական կոթողներուն մէջէն է, որ կը տեսնուի. այն, ինչ մնացած է Պատմական Հայաստանի մէջ, արդիւնք է որոշ գործնականութեան մը: Թաքուն հայերու մասին խօսելով՝ ան ըսաւ, թէ կան վերապրողներ, որոնք իրենց կեանքը ապրեցան սուտի իրավիճակի մէջ, իսկ Հրանդ Տինք մէկն էր անոնցմէ, որոնք ճիգ թափեցին դուրս բերելու իրականութիւնները այդ մարդկանց, որոնք իրենց հայկական ծագումին մասին գիտնալ կ՛ուզէին: Դասախօսը անդրադարձաւ Չնքուշ (Չիւնկիւշ) շրջանին, ուր տակաւին որոշ չափով կանգուն կը մնայ հայկական եկեղեցի մը եւ ուր տեղի ունեցած էր ամենավայրագ դէպքերէն մէկը ու բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը տեղւոյն վրայ ջարդուած էր: Ան նաեւ պատմեց, թէ Տիգրանակերտի Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած են ինը իսլամներ, որոնք թաքուն հայեր էին, եւ անոնցմէ մին հսկայական գումար մը նուիրած է եկեղեցւոյ վերանորոգման համար: Բանախօսը նշեց, թէ Տիգրանակերտի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին բռնագրաւուած հողերը վերադարձնելու նպատակով լուրջ աշխատանք կը տարուի քաղաքապետութեան կողմէ:
Մուրատեան իր վերջին խօսքով խորհուրդ տուաւ գիտակցիլ մեր ունեցած արժէքին՝ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր դերակատարութիւնը ունենալով այս բոլորին մէջ, որ պահ մը, այս վիպականութենէն անդին, մեր այսօրուան ունեցածին գիտակցութիւնը պէտք է ըլլայ:
Աւարտին, հրաւիրուեցան հոգեւոր հայրերը՝ Տէրունական աղօթքով փակելու այդ հանդիսաւոր երեկոն, ապա տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Իւրայատուկ գիշեր մըն էր, որուն ընթացքին փաստուեցաւ, որ իրաւունքը պէ՛տք է յաղթահարէ ուժին: Հետեւաբար, պէտք չէ մոռնանք խիզախ Հրանդ Տինքը, որ իր կեանքով մեր իրաւունքի ու ազատութեան գինը վճարեց՝ ջանալով այդ ազատութեան բոցը վառ պահել: