ԹԵՀՐԱՆ, «Ֆարս».- Չինաստան Հինգշաբթի, Յունուար 17ին կարեւոր նկատեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէիի կրօնական այն որոշումը, որ կ՛արգիլէ հիւլէական զէնքերու արտադրութիւնն ու օգտագործումը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ այս որոշումը իրանեան կառավարութեան համար պարտադիր է: Նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ յայտարարեց, որ Արեւմուտքը պէտք է գիտակցի, թէ Իրանի համար ի՛նչ նշանակութիւն ունի Խամենէիի որոշումը: «Ոչինչ աւելի բարձր է, քան գերագոյն հոգեւոր պետին որոշումը», ըսաւ ան:
Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային հիմնարկը Յունուար 18ին հաղորդեց, թէ Իրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ բանակցութեանց յաջորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Փետրուար 12ին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.