
ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրք պատմաբան, վերլուծաբան, սիւնակագիր Այշէ Հիւր, «Ռատիքալ» թերթին մէջ գրած է որբանոցի մը մէջ հասակ նետած Հրանդ Տինքին եւ բոլոր հայ որբերուն մասին՝ 1915էն մինչեւ 2007 թուական:
«Սիրելի Հրանդ Տինքի մահուան 6րդ տարին ամբողջացաւ: Ցաւով, զայրոյթով, կարօտով ու անհանգստութեամբ անցած 6 տարի: Հրանդ Տինքը միայն սիրելի ամուսին, լաւ հայր, սիրող մեծ հայր, «Ակօս»ի ամէն ինչը, լրագրող, ուժեղ քարոզիչ եւ գրող չէր: Ազգային ապահովութեան մարմիններու փաստաթուղթերուն մէջ ան կը յիշատակուէր իբրեւ «հաւանական թշնամի», դատախազութեան կողմէ՝ «օտար քաղաքացի», հանրութեան տարբեր հատուածներու կողմէ՝ «ներքին թշնամի», իսկ հայ ժողովուրդին կողմէ՝ «պարզ, քաջ կամ խելացի»», կը գրէ ան:
Հիւր կը յիշեցնէ, թէ մահէն առաջ իր գրած վերջին յօդուածին մէջ Տինք նշած էր, որ ամէն անգամ, երբ իրեն «թուրքի թշնամի» կ՛որակէին, ինք աւելի հանրայայտ կը դառնար: «Նայէ՛, սա այն հայն է, չէ՞» ըսող հայեացքները այժմ աւելի շատ կը զգամ», գրած էր Տինք:
«Սակայն երբ անոր անշունչ մարմինը ինկած էր գետին եւ կ՛երեւէր անոր ծակ կօշիկը, մենք հասկցած էինք, որ իրականութեան մէջ ան պարզապէս որբանոցի զաւակ է», կը գրէ Հիւր:
«Կեանքի վերջին օրերուն ինքնիրեն աղաւնիի հետ համեմատող Հրանդ Տինքը յիշելուս ընթացքին անոր սպանութիւնը կազմակերպողներուն բացայայտումը պահանջելով՝ այս երկիրի սեւ խիղճ ունեցող մարդկանց կողմէ իրենց ընտանիքներէն խլուած, ցաւերու մատնուած հազարաւոր որբ երեխաները յիշելը պարտքս կը համարեմ: Հայ ժողովուրդը հետեւողական կերպով վերցուցած են, եւ հայերը ամբողջութեամբ ոչնչացնել հրամայող հեռագիրով սկիզբ առած «հայերու տեղահանութեան» (իմ բնորոշումով՝ Հայկական Ցեղասպանութիւն) ընթացքին, նոյնիսկ պաշտօնական տուեալներով առնուազն 300 հազար հայ զոհուած է, սակայն զոհերը՝ կարելի եղած չափով փրկուած էին, քանի որ կենդանի մնացածներուն, յատկապէս կանանց ու երեխաներուն ցաւեր կը սպառնային», գրած է յօդուածագիրը: