ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– 2012ի արդիւնքներով Հայաստանի մէջ պետական գոյքի սեփականաշնորհումէն գոյացած է շուրջ 353 միլիոն դրամ՝ 2011ի 366 միլիոն դրամին փոխարէն: 15 Յունուարին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին այս յայտարարութիւնը կատարած է Հայաստանի կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի վարչութեան պետ՝ Արման Սահակեան, որ աւելցուցած է, թէ ցուցանիշի անկումը պայմանաւորուած է 2012ին՝ 2011ին հետ բաղդատելով, գործարքներու թիւի նուազումով:
«Միաժամանակ, պետական գոյքի օտարումից մուտքերը կազմել են մօտ 807 միլիոն դրամ, պետական գոյքի վարձակալութիւնից պետական բիւջէ է մուտքագրուել շուրջ 214 միլիոն դրամ, ինչն աւել է 2011ի ցուցանիշից 13 տոկոսով: 2012ին վարչութեան ենթակայութեան տակ է եղել 35 ընկերութիւն, որոնցից 23ը՝ 100 տոկոս պետական մասնակցութեամբ, 4ը՝ 50 տոկոսից 100 տոկոս եւ 8ը՝ 50 տոկոսից պակաս», յայտնած է ան։
Արման Սահակեան յոյս յայտնած է, որ 2013ին լիազօր կառավարիչներու հիմնարկի ներմուծման փորձառական նախագիծը նիւթական զգալի արդիւնքներ պիտի տայ: Նախագիծին համաձայն, որ այժմ կը գործէ 4 կազմակերպութիւններու մէջ, վստահուած անձը պիտի աշխատի ընտրուած մրցոյթի հիման վրայ, որ պիտի հետեւի պետական գոյքի արդիւնաւէտ կառավարման:
2012ին վարչութիւնը կատարած է պետական բնակելի ֆոնտի հաշուետուութիւն: Սահակեանի համաձայն, նախորդ տարի լուծուած է Ատրպէյճանէն բռնագաղթած եւ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստացած 7 եւ տեղաբնակ 12 ընտանիքներու իբրեւ բնակարան ծառայող հանրակացարանային տարածքներու սեփականաշնորհման կամ նուիրատուութեան հարցը: Ընթացքի մէջ է եւս 11 ընտանիքի խնդիր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.