ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճան Թուրքիայէն «T-300 Kasirga» կոչուած 300 մմ. տրամաչափի հրթիռային համակարգեր գնած է: Գործարքը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ հետ 2010ին կնքուած 244 միլիոն տոլար արժողութեամբ պայմանագիրին հիման վրայ:
«Ազերիփրէս»ի համաձայն՝ հրթիռները ներկայիս Թուրքիոյ մէջ օգտագործուող հրթիռներէն առաւել կատարելագործուած են:
Համակարգերուն եւ հրթիռներու թուաքանակին ու առանձնայատկութիւններուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն բացայայտուած:
«Արդիական սարքաւորումներով յագեցուած «T-300» համակարգերը կ՛օգտագործուին հակառակորդի 100 քլմ.էն աւելի հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախները ոչնչացնելու համար», կը գրէ «Ազերիփրէս»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.