Ըստ իրանեան «ԻՍՆԱ» լրատու գործակալութեան, Իրանի արուեստագէտներու միութեան նախագահ Մաժիտ Սարսանկին յայտնած է, որ հայերը մեծ ներդրում ունեցած են Իրանի մշակոյթի զարգացման մէջ։ Ան այս հաստատումը կատարած է Իրանի մէջ տեղի ունեցող հայկական մշակոյթի շաբաթուան ծիրին մէջ։
Իրանի արուեստագէտներու միութեան նախագահը նշած է, որ հայերը կրցած են իրենց մշակութային առանձնայատկութիւնները գեղեցիկ ձեւով միահիւսել իրանական մշակութային առանձնայատկութիւններուն հետ:
Իրանցի այլ մտաւորական մը՝ Արիասպ Տատպեն իր խօսքին մէջ բարձր գնահատելով Իրանի մշակոյթի զարգացման իմաստով հայերուն ունեցած աւանդը՝ մասնաւորաբար նշած է. «Անկարելի է ուսումնասիրել Իրանի մշակոյթի պատմութիւնը, առանց Հայաստանի մշակոյթի պատմութեան ուսումնասիրութեան: Կարելի չէ մոռնալ նոր շրջանի լուսաւորութեան, մշակութային զարգացումներու հանգրուանին հայերուն ունեցած դերը»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.