
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները խթանելով եւ անդամ պետութիւններուն հետ երկխօսելով զօրացնել Հայաստանը. ասիկա է Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի օրակարգային հարցը: Այս մասին «Արմէնփրես«» լրատու գործակալութեան՝ Պրիւքսելի թղթակիցին հետ զրոյցին ընթացքին նշեց Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէն Գասպար Կարապետան՝ ընդգծելով, որ որքան զօրաւոր է Հայաստանը, այնքան ուժեղ պիտի ըլլայ անոր ձայնը:
Այդ նպատակներու իրականացման ճամբուն վրայ նախաձեռնուեցաւ Հայ-եւրոպական երրորդ համաժողովը, որ տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսելի մէջ 4-5 Մարտ 2013ին: Համագումարը տեղի պիտի ունենայ երկու նստաշրջանով: Առաջին նստաշրջանին ընթացքին Եւրոպայի հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն համաեւրոպական խնդիրներուն առնչուող հարցեր եւ հայերու մասնակցութիւնը այդ բոլորին մէջ: Քննարկման առարկայ պիտի դառնան մշակոյթին, լեզուին, հայու ինքնութեան վերաբերող հարցեր, շարք մը քաղաքական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի մէջ թուրք-ատրպէյճանական միացեալ լոպիի գործունէութիւնը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախապատրաստումը եւ Ցեղասպանութեան ժխտողականութեան քրէականացումը, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը:
Ըստ Կարապետեանի, երկրորդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ՝ Եւրոպական խորհուրդի մեծագոյն քաղաքական խումբի՝ Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան հովանիին ներքեւ: Պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան գործելաոճին, Ցեղասպանութեան առնչուող միջազգային օրէնքներուն, Հարաւային Կովկասի մէջ իրադրութեան զարգացման հեռանկարներուն վերաբերող հարցեր: Համաժողովը նպատակ ունի խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոպական Միութեան հետ:
Հայ Դատի գրասենեակի տնօրէնը առանձնացուց այն խնդիրները, որոնք այժմ կը գտնուին Հայ Դատի եւրոպական գրասենեակի ուշադրութեան կեդրոնը: «Այժմ ամէնէն կարեւոր հարցերէն մէկն է ամրապնդել Արցախի դիրքը՝ իբրեւ անկախ եւ ինքնորոշուած պետութիւն եւ ճանչնալ տալ ատիկա եւրոպական երկիրներուն կողմէ: Մեր կազմակերպութիւնը նաեւ աշխուժօրէն կը մասնակցի æաւախքի մէջ ապրող հայերու օգնութեան: Բացի անկէ, եթէ հայկական համայնքներէն որեւէ մէկուն վտանգ կը սպառնայ, ինչպէս եղաւ Սուրիոյ պարագային, մենք կը կազմակերպենք մարդասիրական օգնութիւն եւ կ’ընենք ամէն ինչ՝ ապահովելու անոնց անվտանգութիւնը», նշեց Գասպար Կարապետեան:
Ան աւելցուց, որ վերջերս հանդիպում կազմակերպուած էր Եւրոպական խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Ռոտի Քրասթայ-Ցանկարոփուլուի հետ Սուրիոյ մէջ հայ բնակչութեան վիճակին վերաբերեալ: Հանդիպման նպատակը եղած է կեդրոնացնել Եւրոպայի ուշադրութիւնը Սուրիոյ եւ այնտեղ բնակող հայկական համայնքին վրայ: