ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Աթանէսեան 24 Յունուարին ընդունած է ամերիկեան Ճոնս Հոփքինսի համալսարանի միջազգային հետազօտութիւններու դպրոցէն խումբ մը դասախօսներ եւ ուսանողներ, որոնք ճանաչողական այցելութեամբ Հայաստան եկած են:
«Մենք գնահատում ենք իւրաքանչիւրի հետաքրքրուածութիւնը Լեռնային Ղարաբաղով ու նրա հիմնախնդրով, ողջունում տարածաշրջանում խաղաղութեան ու ժողովուրդների միջեւ համերաշխութեան հաստատմանն ուղղուած ցանկացած նախաձեռնութիւն», խօսքը հիւրերուն ուղղելով՝ յայտնած է յանձնաժողովին նախագահը:
Ապա ան պատասխանած է դասախօսներու եւ ուսանողներուն բազմաթիւ հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին հիմնախնդիրի կարգաւորման զանազան երեւոյթներուն, երկրի ներքաղաքական ու ընկերային-տնտեսական իրավիճակին, իր ղեկավարած խորհրդարանական կառոյցի գործունէութեան, հանգամանալի կերպով ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն, ինչպէս նաեւ իր անձնական տեսակէտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.