Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Ամէն տարեգլխուն, մենք մեզի հետ հաշուեյարդարի նստելէ ետք, որոշումներու ցանկ մը կը պատրաստենք ու համապատասխան աշխատանքի կ՛անցնինք. մարզանք ընել, չգանգատիլ, աւելի արդիւնաւէտ ժամեր անցընել երեխաներուն հետ, դասընթացքի հետեւիլ եւ նմանօրինակ այլ աշխատանքներու խոստումներ, որոնք մեր բարելաւման ընթացքին նպաստող քայլեր են:
Յաջողութիւն ապահովելու համար, կարեւոր է նկատի առնել՝
1- Իրապաշտ նպատակներու ճշդումը.
Արդեօ՞ք կարելի է անտրամաբանական կամ անգործնական որոշումներ իրականացնել մեր կեանքին մէջ: Սովորաբար, բոլոր անոնք, որոնք անգործադրելի որոշումներ կը կայացնեն նոր տարուան սեմին, զանոնք գործադրելու անկարող ըլլալու պատճառաւ կը բարկանան ու վերջաւորութեան կը հրաժարին անոնցմէ: Մասնագէտներ կը հաստատեն, թէ իրագործելու համար որեւէ ծրագիր, անհրաժեշտ է իրագործելի՛ ծրագիրի մը գոյութիւնը, ապա անոր մասնիկներու բաժանումը: Այս իմաստով, ե՛ւ մատչելի կ՛ըլլայ որոշումը, ե՛ւ իւրաքանչիւր փոքր հանգրուանի նուաճում քաջալերական բնոյթ կ՛ունենայ, յաջորդ հանգրուանի գործադրութեան անցնելու համար: Խանդավառ մնալը շատ կարեւոր է: Առ այդ, որքա՛ն կարելի ըլլայ յաճախական դարձնել այդ յաջողութիւնները, այդքա՛ն աւելի կը քաջալերուինք անոնցմով:
2- Ծրագրեցէք յաջողութեան համար.
Նպատակը ճշդելէ ետք, անհրաժեշտ է անցնիլ յաջորդ հանգրուան՝ յստակ ծրագրաւորում: Առանց այս ծրագրաւորման, կարելի չէ յստակ իմանալ, թէ ուրկէ՛ պէտք է սկսիլ եւ ո՛ւր հասնիլ, ապա՝ ո՛ւր կենալ: Ձեր իրագործելիք առաքելութիւնը, ինչպէս նաեւ հոն հասնելու միջոցները բացայայտեցէք: Օրինակ՝ եթէ ձեր նպատակն է երկար աստիճաններու շարք մը առանց յոգնութեան բարձրանալ, վեց շաբթուան համար ծրագիր մը մշակեցէք: Օրական երկու անգամ այդ ընթացքը իրականացուցէք: Անշուշտ, գործադրութեան ընթացքին կրնայ ըլլալ որ կենաք կամ չկարենաք շնչել հանգիստ… հարց չէ: Անհրաժեշտ է այս պարագային ծրագիրէն չշեղիլ. երբ վերջին օրը հասնի, արդէն ամէն բան իրականացած կը տեսնէք:
3- Յառաջխաղացք արձանագրեցէ՛ք.
Քանի մը օրը անգամ մը, ձեր աշխատանքը արժեւորելու համար ժամանակ տրամադրեցէք: Ամէնէն ուշը՝ շաբաթական հերթականութեամբ ձեր կատարած աշխատանքը արժեւորեցէք: Նպատակներու հետապնդման աշխատանքները արձանագրեցէք ձեր առօրեայ օրագրութեան տետրին մէջ: Երբեմն կը թելադրուի նաեւ այլ անհատ մը նշանակել որպէս պատասխանատու, որպէսզի աւելի խթանուած աշխատանք տանին ենթակաները:
4- Եթէ որեւէ խախտում մը կատարուի, անմիջապէս վերադարձէք ձեր նախկին դիրքերուն: Երբեք մի սպասէք Երկուշաբթի օրուան, որպէսզի կրկին սկսիք, որովհետեւ երբեմն կարգ մը մարդոց պարագային, Երկուշաբթի օրը երբեք պիտի չգայ: Անոր փոխարէն, նոր ծրագիրը կրկին ներկայացուցէք եւ գործադրութեան անցէք, որպէսզի խուսափիք անախորժ ու վնասակար սովորութիւններէ:
5- Գնահատեցէք ձեր աշխատանքը.
Որքան ալ պակաս ըլլայ իրագործուած աշխատանքը, տակաւին դուք արժանի էք գնահատականի: Եթէ օրական կը քալէք, կամ թէկուզ շաբաթական երկու կամ երեք անգամ, ապա քալելու գործիք մը խոստացէք դուք ձեզի, երբ կը հասնիք ձեր վերջնական նպատակին:
Իսկ այժմ ներկայացնենք, թէ ինչպիսի՞ որոշումներ կրնաք առնել եւ ինչպէ՞ս գործադրել հանգրուանային յաջողութիւններու ընթացքը:
ա.- Բարելաւեցէք ձեր տնտեսական կացութիւնը: Այս տարուան համար որոշեցէք քիչ մը աւելի խնայել ու անկարեւոր ծախսերը զեղչել, նոյնիսկ եթէ անոնք 5 տոլարի արժողութեամբ են: Եթէ վարկատոմսերու ձեր հաշիւները բաւական շատ են, այս տար-ուան համար որոշեցէք անոնցմէ ամէնէն բարձր տոկոս ունեցող քարտին հաշիւը փակել ու ապա կամաց-կամաց անցնիլ միւսներուն: Մասնագէտներ կը յայտնեն, թէ 6-9 ամիսներու ծախսեր հոգացող խնայողական հաշիւ մը պէտք է ունենալ:
բ.- Կշիռք կորսնցնել: Ասիկա գործերու երկար շարք մըն է, որ միասնաբար իրագործելիք քայլեր կ՛ենթադրէ: Առաջին հերթին՝ լաւ սննդականոն, ապա՝ հերթական մարզանք եւ անշուշտ բաւարար քունի ժամեր: Այս երեքին կիրառումով է, որ ենթական կրնայ կշիռք կորսնցնել օրինական ձեւով, ու սննդականոնի ընթացքը դադրեցնելով՝ անմիջապէս կորսնցուցած կշիռքը աւելիով կրկին չի վերագտներ: Մարզանք ըրէք, մկաններ աւելցուցէք եւ միաժամանակ՝ ջանացէք օրական 7-8 ժամ քնանալ:
գ.- Շատ կարդացէք: Առաջին հերթին, այս որոշումին յաջողութեան համար, յատուկ տեղ մը ճշդեցէք տան մէջ՝ որպէս «Կարդալու անկիւն»: æանացէք այդ անկիւնը շատ հարազատ ու հանգստաւէտ դարձնել: Հնարաւորութեան սահմաններէն ներս, կրնաք սենեակ մը կամ անկիւն մը յատկացնել անոր: Ճշդեցէք յատուկ ժամ մը եւ այդ ժամուն միշտ կարդացէք: Եթէ առանձին կարդալու դժուարութիւն ունիք, ապա ընթերցանութեան խմբակի մը անդամակցեցէք ու յատուկ ժամերու միացէք այդ խմբակին: Այսպիսով, ձեր ընկերային կապերն ալ կ՛ամրացնէք:
դ.- Շատ ճամբորդեցէք: Հնարաւորութիւններ ստեղծեցէք ձեր պիւտճէին համաձայն՝ ճամբորդութիւններ ծրագրելու համար: Անոնք թող ըլլան ընտանեկան ու դաստիարակչական: Շատ սուղ տեղեր կրնաք չերթալ, այլ պրպտումներով՝ կրնաք յարմարաւէտ տեղեր ճարել եւ հաճոյք ստանալ:
է.- Կամաւոր աշխատանք կատարեցէք շատ յաճախ: Ձեր շրջապատին օգտակար հանդիսացէք կամաւոր աշխատանքով: Ձեր հնարաւորութիւնները եւ սիրած գործերը ստուգեցէք ու տեսէք եթէ անոնցմէ մէկը կարելի է ի գործ դնել՝ կամաւոր աշխատանքի մէջ: Կրնաք նաեւ ձեր տան կամ գրասենեակին մէջ նստած միջոցին, համացանցի օգնութեամբ կամաւոր աշխատանք կատարել եւ բաւարարութիւն ստանալ:
VolunteerMatch.org. կայքէջը այցելեցէք ու կամաւոր աշխատանքի հնարաւորութիւնները սերտեցէք ձեր միջավայրէն ներս: