ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ենի Աքիթ» թերթի յօդուածագիր Ապտուրրահման Տիլիփաք, պատկերասփռուած յայտագիրի մը ընթացքին, զանազան նիւթերու կարգին, շատ հետաքրքրական արտայայտութիւններ ունեցաւ Հրանդ Տինքի մասին։
Ան հետեւեալը պատմեց այս առնչութեամբ. «Հրանդին հետ պիտի մասնակցէի պատկերասփիւռային յայտագիրի մը։ Այդ յայտագիրին պատրաստուեցայ, որպէսզի «Ակօս»ի մէջ գրող սա հայուն բերնին դասը տամ։ Հրանդը կը տեսնէի իբրեւ ծայրայեղական մը՝ գրեթէ ԱՍԱԼԱի (Հայաստանի ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակ) Թուրքիոյ ներկայացուցիչը։ Երբ յայտագիրը սկսաւ, ան ինծի առաջարկեց առաջին խօսքը, բայց ես մերժեցի։ Կ՛ակնկալէի, որ Հրանդ պիտի յարձակի վրաս, ուրեմն՝ նախ ան թող խօսի, ապա ես անոր մայրը լացնեմ, սա հայուն գործը վերջացնեմ։ Արդէն անոր համար էր, որ զիս կանչած էին։ Հրանդ սկսաւ խօսելու։ Շատ հանդարտ կը խօսէր. խելացի խօսքեր կ՛ըսէր։ Մինչեւ վերջ մտիկ ըրի։ Երբ վերջացուց, գրեթէ պիտի փաթթուէի անոր։ Մէկդի դրի պատրաստած նօթերս, որովհետեւ Հրանդը արդէն ըսաւ այն, ինչ ես պիտի ըսէի։ Այսպէս յայտագիրը շարունակուեցաւ. ան իր ըսելիքները ըսաւ, ես՝ իմ ըսելիքներս։ Յայտագիրի աւարտին ողջագուրուեցանք։ Մինչեւ իր վերջին օրը, Հրանդին հետ բարեկամ մնացինք»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.