ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Թրքական պետութեան ծաւալապաշտական քաղաքականութիւնը, իր սահմաններէն ներս թէ դուրս կիրարկած այլամերժութեամբ, այդ շարքին նաեւ ու մանաւանդ հակահայ իր դրսեւորումներով, երբեք քուն չունի, ոչ ալ հանգիստի համար դադար կ՛առնէ.–
Չունէր կէս դար առաջ, երբ Պաղ Պատերազմը նոր կը սկսէր եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները կը վստահէին Թուրքիոյ, Իրանի եւ Փաքիստանի հետ միասին, Մերձաւոր Արեւելքէն մինչեւ Կեդրոնական Ասիա տարածուող երկրամասին վրայ Արեւմտեան ազդեցութեան գօտին պահպանելու առաքելութիւնը։
Չունեցաւ քառորդ դար առաջ, երբ Պերլինի Պատին քանդումով՝ հիմերը դրուեցան Համաշխարհային Նոր Կարգին եւ սուր կարիքը զգացուեցաւ Քաղաքական Իսլամը հակակշռելու ռազմավարութեան, որուն իրականացման մէջ կարեւոր դեր վերապահուեցաւ թրքական այսպէս կոչուած «իսլամիստ» շարժումին։
Չունի նաեւ այսօր, երբ ամբողջ երկրագունտը կ՛անցնի մեծապետական ազդեցութեան գօտիներու վերասահմանման ու վերադասաւորման բուռն հանգրուանէ մը, որուն գլխաւոր յատկանիշը միաժամանակ հակամարտութեան եւ համակարգումի իւրօրինակ մրցապայքար մը յառաջ մղող խաղականոններու կիրարկումն է։ Իսկ նման խաղականոններու ամէնէն արագ պատշաճելու դիւանագիտական իր հնարամտութեամբ արդէն մեծ հռչակ ունի թրքական պետութիւնը։
Սուրիական շարունակուող տագնապին առիթով քաղաքականապէս ամէնէն պարզամիտ դէտերն անգամ իրենց աչքով տեսան ու հաստատեցին, թէ թրքական պետութիւնը ինչպէ՜ս անդուլ կ՛աշխատի պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալու, նաեւ՝ մէկ քարով միաժամանակ քանի մը թռչուն հարուածելու համար, ի սպաս Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակներու իր մեծապետական դիրքերու վերականգնումին…
Ըստ ամենայնի Թրքական Վտանգը Համաշխարհային Նոր Կարգի ամէնէն խոցելի ու սպառնական օղակներէն մէկը դարձած է։
Թուրքիոյ պետական այս «վարքագծին» քաջածանօթ է յատկապէս մեծապետական աշխարհը՝ իր մամուլով ու զանգուածային լրատուութեան միջոցներով։
Այսուհանդերձ՝ թէ՛ Արեւմուտքի, թէ՛ Արեւելքի մեծապետական մրցապայքարը ղեկավարող ուժերը համապատասխան լրջութեամբ չեն ընկալեր թրքական ծաւալապաշտութիւնը. Սոսկ իրենց մարտավարական հաշիւներէն մեկնելով կը կողմնորոշուին թրքական վտանգին հանդէպ։
Թուրքիան դարպասելու եւ սիրաշահելու մեծապետական ուժերու այդ մօտեցումը դժբախտաբար նորօրեայ երեւոյթ չէ։ Թրքական Վտանգը թերագնահատելու մեծապետական այդ քաղաքականութիւնը ի զօրու էր նաեւ 25 կամ 50 տարի առաջ, եթէ չուզենք աւելի հին անցեալի էջերը քրքրել եւ երթալ մինչեւ Օսմանեան Կայսրութեան անկման ժամանակները, երբ 1896ին «Դրօշակ»ի էջերուն լոյս տեսած Ռոստոմի «Դիպլոմատ Հրէշներ» առաջնորդող յօդուածին բառերով՝ «Եւրոպական դիպլոմատները «գթութեան քոյրեր»ի նման շրջապատել են «հիւանդ մարդուն» եւ ամենաաններելի միջոցներ գործ դնելով՝ աշխատում են պահպանել նրա նեխուած կեանքը։ Lhomme malade (հիւանդ մարդը) դառել է enfant gate (երես առած երեխայ), որին պահում, պահպանում, շոյում, փայփայում են ամէն կողմից։ Հոգատար դիպլոմատները ամենայն յաջողութեամբ մրցում են իրար հետ այդ ասպարէզում։ Մէկն իր արջի թաթի զօրութեամբ միջոց է տալիս նրան կոտորել, ջարդել տասնեակ հազարաւոր հայեր՝ երկրի «խաղաղութիւնը» վերականգնելու համար։ Միւսը իր հաստ գրպանն է բաց անում եւ առաջարկում իր ոսկիները՝ տնտեսական բացարձակ քայքայումից փրկելու համար. երրորդի նախաձեռնութեամբ ընդհանուր ճնշում են գործ դնում ու սպառնալիքներ կարդում ապստամբ կրետացիներին։ Ճնշում են Յունաստանին, որ անուղղակի կերպով օգնում է իր արիւնակից եղբայրներին։ Ճնշում են Բոլղարիային, որ չի խանգարում մակեդոնական շարժմանը… Բայց ո՛չ մի տեղ, ո՛չ մի պարագայում եւրոպական դիպլոմատը չարտայայտեց իր էութիւնը այնքան ստոր, զզուելի եւ կոպիտ կերպով, ո՛չ մի տեղ նա ցոյց չտուեց իր բարոյական այլանդակութիւնը այնքան շօշափելի փաստերով, որքան Վանի եւ Վասպուրականի վերջին աղէտալից դէպքերի ժամանակ…»։
Անշուշտ փոխուած են ժամանակները եւ իրենց հետ, անկասկա՛ծ, հիմնովին նոր դասաւորումներու ենթարկած են մեծապետական աշխարհը ղեկավարող ուժերը։ Նոյնպէս Հին Աշխարհին ընկալեալ խաղականոնները իրենց տեղը զիջած են աստիճանաբար արմատաւորուող՝ հակամարտութեանց մէջ համակարգումի եւ մեծապետական հակակշռի պահպանման խաղականոններուն։ Բայց իբրեւ ընդհանուր կանոն՝ ոչ միայն կը շարունակուի Թուրքիան «շփացնելու» մեծապետական քաղաքականութիւնը, այլեւ կ՛երթայ այնքան առաջ, որ արդէն «հիւանդ մարդ»ու իր կարգավիճակը յաղթահարած թրքական ծաւալապաշտութեան դիմաց կը բանայ հին ժամանակներու օսմանեան իր արիւնոտ «փառք»ը վերականգնելու յաւակնոտ հեռանկարներ։
Խօսուն օրինակ մը վերջերս տրուեցաւ միջազգային մամուլի մեծազդու հեղինակութիւններէն «Իքոնոմիսթ»ի կողմէ, որ քանի մը օր առաջ համացանցի իր կայքէջին վրայ տարածեց «1915ի Ուրուականները» խորագրով լրատուական մեկնաբանութիւն մը՝ անդրադառնալով վերջին երկու ամսուան ընթացքին Պոլսոյ մէջ տարեց հայ կիներու դէմ գործուած հինգ սպանութեանց դէպքերուն։ Գործուած մարդասպանութիւնները բացայայտօրէն հակահայ բնոյթ ունին։ Որոշ պարագայի մը զոհի մարմնին վրայ խաչ բացուած է ոճրային գործիքով։ Մարդկային Իրաւանց կազմակերպութիւնները, նոյնիսկ անոնց թրքական մասնաճիւղերը կը պնդեն, թէ գործուածը ազգային թշնամանքի եւ ցեղամոլութեան հողի վրայ կատարուած ոճիր է, նաեւ՝ շարունակութիւնն է Հրանդ Տինքի սպանութեամբ թրքական մութ ուժերու կողմէ ի գործ դրուած կազմակերպ սադրանքին, որ 1915ի ահաւոր յուշերը կ՛արթնցնէ Թուրքիոյ հայերուն մօտ…
Այս բոլորին տեղ տալով հանդերձ՝ «Իքոնոմիսթ» անմիջապէս կը փութայ իր մեկնաբանութեան կցելու Պոլսոյ կուսակալին այն հերքումը, թէ խնդրոյ առարկայ ոճրագործութիւնները ազգային թշնամանքի կամ ցեղամոլութեան հետեւանք չեն, այլ՝ պարզապէս գողութեան ոճիրներ են։ «Իքոնոմիսթ» իր պարտքը կը սեպէ «անաչառութիւն» դրսեւորելու եւ այսպէս կոչուած երկու կողմերու տեսակէտներն ալ ներկայացնելու։
Բայց ինչո՞ւ դատապարտել միայն «Իքոնոմիսթ»ի եւ անոր օրինակով մեծապեական մամուլի ցուցաբերած կեղծ «անաչառութիւն»ը, երբ նոյնիսկ Հայաստանի Հանրային Հեռուստատեսութիւնը, լրատուական իր Առաջին Ալիքով ներկայացնելով «Իքոնոմիսթ»ի «1915ի Ուրուականները», իր կարգին փութաց միեւնոյն «անաչառութիւն»ը դրսեւորելու եւ Պոլսոյ կուսակալին հերքումը կարեւորութեամբ ներկայացնելու, կարծէք թէ խօսքը չի վերաբերիր թրքական պետութեան հակահայ շարունակուող քաղաքականութեան նորօրեայ սադրանքներուն։
Փաստօրէն մեծապետական աշխարհը ղեկավարող մերօրեայ ուժերը իրենց քաղաքական եւ դիւանագիտական միջոցները շարժման մէջ դրած են, որպէսզի կամայականօրէն յառաջ մղեն Թրքական Վտանգը քօղարկելու կամ թերագնահատելու իրենց վարքագիծը։ Հայաստանին ու հայութեան կը պարտադրեն, որ իբրեւ խօսակիցի եւ գործակիցի ընդունին Հայասպանութիւնը կտրականապէս ուրացող եւ Արցախի իրողական ազատագրումին համար Հայաստանը պատժող թրքական պետութիւնը։ Չբաւարարուելով Հայեւթուրք Արձանագրութիւնները այս կամ այն գնով պարտադրելու իրենց ճնշումներով, մեծապետական ուժերը նաեւ իրենց զանգուածային լրատուութեան բեմերը կը մղեն, որպէսզի «անաչառութեան» հարթիչ գլանին տակ իրարու հետ «հաւասարեցնեն» մէկ կողմէ Իրաւունքի եւ Արդարութեան հայկական ձայնը, իսկ միւս կողմէ թրքական պետութեան պաշտօնական տեսակէտը, ի հարկին առաջինը իբրեւ զգացական պոռթկում, իսկ երկրորդը իբրեւ պետական տրամաբանութիւն մատուցելով հանրային կարծիքին։
Նոյնինքն «1915ի Ուրուականներ» բանաձեւումը հեգնական ու վիրաւորական կը հնչէ հայ քաղաքական մտքին համար, որովհետեւ խօսքը չի վերաբերիր միայն հայեւթուրք յարաբերութեանց անցեալի արիւնալի պատմութեան։
Ընդհակառակն՝ Հայաստանի ու հայութեան լիիրաւ վերականգնումը արգելակող թրքական ուրացումին եւ անկէ ներշնչուած թրքական պետութեան հակահայ շարունակուող քաղաքականութեան կը վերաբերի խօսքը։
Կը բաւէ ուշադիր հետեւիլ յառաջիկայ Ապրիլ 24ին Հայաստան այցելելու Ֆրանսայի նախագահին մտադրութեան թրքական լրատուամիջոցներուն մօտ գտած արձագանգին, մանաւանդ այդ առընչութեամբ թուրք ընթերցողներու համացանցային քննարկումներուն, խորաչափելու համար ահաւորութիւնը Թրքական Վտան-գը անտեսելու մեծապետական վարքագծին գործած բարոյահոգեբանական աւերին։
Բայց այդ արդէն առանձին քննարկման նիւթ է։
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ