
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ատրպէյճանի մէջ բողոքի ալիքը կը շարունակէ ընդարձակուիլ: Այս անգամ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն դէմ բողոքի համար դուրս եկած են Իմիշլի քաղաքի բնակիչները: Ըստ ատրպէյճանական «Haqqin.az» կայքին՝ Հինգշաբթի, Յունուար 31ին հարիւրաւոր ցուցարարներ հաւաքուած են Իմիշլի շրջանի ղեկավարի նստավայրին մօտ եւ անոր հետ հանդիպում պահանջած են: Ցոյցին մասնակիցները գոյքի եւ սեփականութեան փոխհատուցում պահանջած են, ինչպէս նաեւ իրենց դժգոհութիւնը յայտնած պաշտօնատարներու կողմէ շարունակուող չարաշահումներուն եւ կաշառակերութեանց կապակցութեամբ: Ոստիկանութիւնը հսկողութեան տակ առած է քաղաքի բազմամարդ շրջանները եւ կարգ մը վայրերու մէջ բախումներ տեղի ունեցած են ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ, սակայն ցարդ աւելի լուրջ միջադէպեր չեն արձանագրուած:
Անցեալ շաբաթ անկարգութիւններ տեղի ունեցած էին Իսմայիլիի մէջ, շրջանի ղեկավարութեան դէմ կատարուած ցոյցերէն ետք: Անկարգութիւններուն ընթացքին վիրաւորուած էին քաղաքացիներ եւ ոստիկաններ, ինչպէս նաեւ նիւթական վնասներ արձանագրուած էին: